Որոնել

Ինտոնեզիոյ մէջ բնական աղէտի վայրերէն առնուած լուսանկար Ինտոնեզիոյ մէջ բնական աղէտի վայրերէն առնուած լուսանկար 

Ինտոնեզիոյ մէջ Եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը ծովաշարժի պատճառած զոհերուն ի սպաս

Ինտոնեզիոյ մէջ բնական աղէտի պատճառաւ արձանագրուած են , 437 զոհ, վիրաւորուած են աւելի քան 14 հազար անձեր եւ կան 33000 տեղահաններ, որոնք առժամեայ ապաստան գտած են ծովափի մօտակայքը գտնուող զանազան գիւղերուն մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Ինտոնեզիոյ մէջ կը շարունակուին կաթողիկէ հասարակութեան մարդկային օժանդակութիւնները՝ անցեալ 22 դեկտեմբերին, ծովաշարժի եւ հրաբուխի պոռթկումի պատճառած զոհերուն ի սպաս: Յայտնենք թէ յիշեալ բնական աղէտին զոհ գացին 437 հոգի, վիրաւորուեցան աւելի քան 14 հազար անձեր եւ կան 33000 տեղահաններ, որոնք առժամեայ ապաստան գտած են ծովափի մօտակայքը գտնուող զանազան գիւղերուն մէջ:

Ֆիտես Լրատու գործակալութեան համաձայն, Ինտոնեզիոյ Պանթեն մարզի մէջ ֆրանչիսկեան մայրապետները, որոնք շրջանին մէջ կը մատակարարեն կաթողիկէ մեծ հիւանդանոց մը , մարդկային առաքելութիւն կազմակերպած են ծովաշարժի թիրախ զանազան քաղաքներուն մէջ:

Պոքոր քաղաքին եպիսկոպոս, Գերապայծառ Փասքալիս Պրունոյի շնորհիւ, իրականացուած են մարդկային առաքելութեան բազմաթիւ ծրագիրներ՝ աղէտի գօտիներուն մէջ:

Միսի Լեպաք անուան հիւանդանոցի փոխ տնօրէնուհի, քոյր Աթանասիա ֆիտես լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է որ հիւանդանոցի ֆրանչիսկեան մայրապետները խնամք կը տանին ու կերակուր կը բաժնեն աղէտի զոհերուն, սակայն զանազան շրջաններուն մէջ պակասը կայ մարդկային օժանդակութիւններուն :

Ի վերջոյ Ասիոյ եպիսկոպոսաց համաւաւաք դասերու դաշնութեան նորանշանակ նախագահ Պիրմանացին Կարդինալ Շարլ Մունկ Պօ, Ֆիտես լրատու գործակալութեան յղած պատգամի մը մէջ , վերանորոգած է ֆրանչիսկոս Պապին հրատապ կոչը՝ ուղղուած միջազգային ընտանիքին, թիկունք կանգնելու Ինտոնեզիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն: Ան ապա հրաւէր ուղղած է աղօթելու աղէտի զոըհրուն ու անոնց հարազատներուն համար ինչպէս նաեւ հոգեւոր մօտիկութիւնը ցուցաբերելու բնական արկածի թիրախ զոհերուն, հայցելով Աստուծոյ սփոփանքը տառապողներուն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2019, 11:59