Փիլիպպինեան կղզիներուն  մէջ պայթումնե Փիլիպպինեան կղզիներուն մէջ պայթումնե 

Փիլիպպինեան կղզիներուն մէջ պատարագի ժամանակ ռումբ մը պայթած է :

Պայթումը տեղի ունեցած է կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի արարողութեան ժամանակ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 27 յունուար 2019-ին, Սուլ մարզին մէջ գտնուող Մոնթէ Քարմելօ Տիրամայր անուան մայր տաճարին մէջ, մէկ ռումբ  պայթած է եկեղեցիէն ներս,  իսկ երկրորդ ռումբ մը եկեղեցիէն դուրս:

Պայթումը տեղի ունեցած է կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի արարողութեան ժամանակ: Ականուած ռումբերու հետեւանքով առաջին տուեալներու համաձայն արձանագրուած են 27 մեռեալներ եւ 77 վիրաւորներ: Պայթումի վայր անմիջապէս փութացած են խումբ մը ոստիկաններ:

Ոստիկաններու փոխանցմամբ առաջին ռումբը պայթած է Տիրամօր Մայր տաճարին գլխաւոր մուտքին դրան դիմաց: Մինչ երկրորդ ռումբը պայթած է առաջին ռումբի պայթումէն ետք,  ոստիկանները  եկեղեցի հասնելէ վերջ : Այս պատճառաւ 27 զոհերու շարքին կը գտնուին, անվտանգութեան ուժերու կարգ մը անդամներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2019, 10:57