Որոնել

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոց  Ազգային գրադարանը Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոց Ազգային գրադարանը 

Հայաստանի մէջ վերջին 3 տարիներուն 225 գրադարան փակուած է

Ի դէպ հաշուարկին մէջ ներառուած են համայնքապետարաններուն, գիւղապետարաններուն, մշակութային այլ հաստատութիւններուն կից գործող գրադարանները:

ՀՀ մշակոյթի փոխնախարար Վահէ Բուդումեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Ամփոփելով համայնքներուն մէջ գործող գրադարաններու մասին մարզպետարաններէն ստացած տեղեկատւութիւնը եւ զայն համադրելով ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան տուեալներու հետ՝ արձանագրած ենք, որ այժմ կը գործէ 472 համայնքապատկան գրադարան, երբ 2015-ին այդ թիւը 697 էր:

Ի դէպ հաշուարկին մէջ ներառուած են համայնքապետարաններուն, գիւղապետարաններուն, մշակութային այլ հաստատութիւններուն կից գործող գրադարանները, որոնք չունին պատրաստուած գրադարանային մասնագէտ, հասանելիութիւն եւ իբրեւ կանոն չեն իրականացներ գրադարանի պարտադիր գործառոյթները:
Փակուած կամ լուծարուած գրադարաններու ֆոնտերը գրեթէ բոլոր պարագաներուն փոխանցուած է մերձակայ դպրոցին կամ համայնքապետարաններուն: Որոշ պարագաներու գրքային ֆոնտը տեղափոխուած է գրադարանավարի տուն»:
 

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2019, 08:21