Աղեքսանթրիոյ Թաուատրոս Բ Պապը Աղեքսանթրիոյ Թաուատրոս Բ Պապը 

Իմամ մը Յիսուսի սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին վնասազերծած է եկեկեցւոյ մը մէջ ականուած ռումբ մը:

Իմամի եւ պաշտօնեային քաջութեան շնորհիւ փրկուած են անթիւ անմեղ քրիստոնեաներու կեանքը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

5 յունուար 2019-ին, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Քահիրէի մէջ Ղպտի Օրթոտոքսներուն եկեղեցիէն ներս, Եգիպտացի Սաատ Ասքար իմամ մը, բացայայտած է ականուած ռումբ մը եւ անմիջապէս դիմած է ոստիկանութեան։

Դէպքէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Սաատ Ասքար Իմամ կոչ ուղղած է ըսելով «Պէտք ենք նեցուկ կանգնիլ ու խնամք տանիլ մէկը միւսին: Անոնք որոնք պաշտամունքի վայրերը կ՝ուզեն հարուածել, անոնք անկրօն են , անոնք ոչ մահմետականներ են եւ ոչ ալ քրիստոնեաներ:

Վերոյիշեալ ահաբեկչական արարքի թիրախ եկեղեցին, Նասր Քաղաքի մէջ գտնուող Սուրբ Կոյս Մարիամ անուան եկեղեցին էր:

Ըստ վկայութիւններու փոխանցմամբ, Սուրբ Կոյս Մարիամ Եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող Տիա Ալ Հաք մզկիթի՝ 63 ամեայ պաշտօնեայ մը եւ մզկիթի Ասքար իմամը ականատես եղած են դէպի եկեղեցի ուղղուող մարդու մը ՝ձեռքը շալկած կասկածելի տուփ մը որ արձակած է եկեղեցւոյ ուղղութեամբ։ Անոնք անմիջապէս դիմած են ոստիկանութեան եւ ջանացած են եկեղեցւոյ տարածքէն հեռացնել հաւատացեալները: Իմամի եւ պաշտօնեային քաջութեան շնորհիւ փրկուած են անթիւ անմեղ քրիստոնեաներու կեանքը։

Յայտնենք թէ 2016-2017 տարիներուն, Եգիպտոսի մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւններու դէմ գործադրուած են շարք մը ահաբեկչական արիւնալի արարքներ: Ի տես Քրիստոնեաներու Յիսուսի Ծննդեան տօնակատարութիւններուն Եգիպտոսի մէջ կառավարութիւնը պաշտամունքի վայրերու տարածքներուն վրայ բարձրացուած է ապահովութեան աստիճանը:

Եգիպտոսը կը հաշուէ 95 միլիոն բնակչութիւն՝ որուն մեծամասնութիւնը մահմետականներ, իսկ Քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն են որոնց մեծամասնութիւնը կը պատկանին ղպտի օրթոտոքս եկեղեցւոյ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2019, 10:36