Որոնել

Սերգէյ Փարաջանով Սերգէյ Փարաջանով 

Սթամպուլի մէջ առաջին անգամ ըլլալով Սերգէյ Փարաջանովին նուիրուած ցուցահանդէս բացուած է:

«Փարաջանով, Սարգիսի հետ» խորագիրով ցուցահանդէսը պիտի գործէ 2018 Դեկտեմբեր 13-էն մինչեւ 2019 Մարտ 17

Աշխարհահռչակ հայ բեմադրիչ եւ արուեստագէտ Սերգէյ Փարաջանովի ստեղծագործութիւնները, տարատեսակ իրերէ պատրաստուած կերպարուեստի նմուշները առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրութեան ներկայացուած են Սթամպուլի մէջ՝ Բերայի թանգարան։

«Փարաջանով, Սարգիսի հետ» խորագիրով ցուցահանդէսը պիտի գործէ 2018 Դեկտեմբեր 13-էն մինչեւ 2019 Մարտ 17։ Ցուցահանդէսին անդրադարձած է թրքական birgun.net լրատուական կայքը՝ նշելով, որ այս ցուցահանդէսը «Պոէթիկ շարժանկարի մեծագոյն վարպետներէն մէկը հանդիսացող արուեստագէտի արտառոց երեւակայական աշխարհը կ՝արտացոլացնէ»։

Ցուցահանդէսը իրականութիւն դարձած է Սթամպուլի Բերայի թանգարանի եւ Երեւանի Սերգէյ Փարաջանովի թանգարանի համագործակցութեան շնորհիւ։ Անիկա նուիրուած է Մեծ վարպետի ծննդեան 95-ամեակին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2018, 08:00