Որոնել

Թադէի վանքը Թադէի վանքը 

Հայաստանի մէջ զբօսաշրջային այցելութիւններու թիւը աւելցած Է 8.8 տոկոսով:

Այս տարուայ առաջին ինը ամիսներուն Հայաստան ներգնայ զբօսաշրջային այցելութիւններու թիւը կազմած է 1 մլն 275 հազար

Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւն այս տարուայ առաջին ինն ամիսներուն կազմած է 1 մլն 275 հազար` 8.8 տոկոսով աւելի նախորդ տարուան ցուցանիշէն: Հիմնական այցելութիւնները եղած են Ռուսաստանէն, եւրոպական շարք մը երկիրներէ: «Արմէնպրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ զբօսաշրջութեան հայկական ֆետերասիոնի նախագահ Մեխակ Ապրեսեան:

«Այս տարուայ առաջին ինը ամիսներուն Հայաստան ներգնայ զբօսաշրջային այցելութիւններու թիւը կազմած է 1 մլն 275 հազար:Ատիկա 8.8 տոկոսով աւելի է, քան նախորդ տարուան ցուցանիշը: Յոյսով եմ, որ տարեկան աճի ցուցանիշը կ՛ըլլայ մօտ 10 տոկոս: Յեղափոխութենէն յետոյ Հայաստանի ճանաչելիութեան բարձրացման արդիւնքները, սակայն պիտի տեսնենք յաջորդ տարի: Այս տարուան վրայ ատիկա մեծ ազդեցութիւն չէր կրնար ունենալ»,-ըսաւ Ապրեսեան:

Ան նկատեց` այցելութիւններու աճի չափն այնքան ալ մեծ չէ: Ապրեսեան ատիկա մեկնաբանեց հետեւեալ կերպ` ապրիլ-յունիս ամիսներուն զբօսաշրջիկները որքան ալ կը տեսնէին, որ երկիրն անվտանգ է, միեւնոյնն է  նման երթերու ժամանակ հնարաւոր է, որ չգային: Անոր կարծիքով` նաեւ շատերը կը սպասէին խորհրդարանական ընտրութիւններուն` տեսնելու, թէ ինչ պիտի ըլլայ:

Զբօսաշրջային այցելութիւններու աճը պայմանաւորուող հիմնական երկիրները եղած են Ռուսաստանը, եւրոպական  շարք մը երկիրներ: Մեծ հոսք  եղած է նաեւ Չինաստանէն, Հնդկաստանէն: Աճն այս երկիրներէն գրեթէ կրկնակի է: Ապրեսեան նկատեց, որ այցերու նոր ուժ կը նկատուի ծոցի արաբական երկիրներէն: «Այս տարի զբօսաշրջիկներու հոսքը նուազ եղած Է Իրանէն: Ատիկա կապուած է Իրանի տնտեսական վիճակի հետ: Իրանէն այցելութիւններու նուազումը նոյնպէս անդրադարձած է այդ տարուան աճի չափի նուազման վրայ»,-նշեց Ապրեսեան:

Այս տարի շուրջ 20 տոկոսով աւելցած է նաեւ ԱՄՆ-էն Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը:

Քաղուած «Հայերն Այսօր»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2018, 08:00