Սթրազպուրկի մէջ զինեալ յարձակում մը Սթրազպուրկի մէջ զինեալ յարձակում մը  

Սթրազպուրկի մէջ զինեալ յարձակում մը 4 զոհ պատճառեց

ֆրանսական ոստիկանութիւնը բախում մը ունեցած է զինեալի մը հետ, որ Սթրազպուրկ քաղաքի կեդրոնին մէջ յարձակում մը գործած էր:

Երեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին, երեկոյեան ֆրանսական ոստիկանութիւնը բախում մը ունեցած է զինեալի մը հետ, որ Սթրազպուրկ քաղաքի կեդրոնին մէջ յարձակում մը գործած էր, Ծննդեան տօնավաճառի մէկ կեդրոնի վրայ:

Զինեալ յարձակումին ընթացքին արձանագրուած է 4 զոհ: Վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, զինեալը վիրաւորուած է ոստիկանութեան հետ բախումին ընթացքին: 

Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոն «թուիթըր»ի կայքին վրայ գրառում մը կատարելով, համայն Ֆրանսացի ազգին զօրակցութիւնը խնդրած է զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար:

Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ այսօր պիտի գումարուի պաշտպանութեան նախարարութեան արտակարգ ժողով մը:

Երկրին մէջ բարձրացած է ահաբեկչական յարձակման արարքի աստիճանը, հետեւաբար ամրապնդուած է Ֆրանսայի սահմաններուն ուժեղ վերահսկողութիւնը:

Նշենք թէ ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն մամլոյ խօսնակ՝ Գերապայծառ Օլիվիէր Ռիպատօ Տումաս ,«թուիթըր»ի կայքին վրայ կատարած գրառումին մէջ Սթրասպուրկի ահաբեկչական գործողութիւնը նկատեց «ահռելի արարք», ապա արտայայտեց  ֆրանսայի  եպիսկոպոսներուն մօտիկութիւնը զոհերու ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց որոնք կը պայքարին կեանքի եւ մահուան պայքարը։ Ան հուսկ բոլոր տառապողները յանձնեց Աստուծոյ նախախնամութեան:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2018, 08:31