Որոնել

Նելսոն Մանտելայի մահուան 5-րդ տարեդարձը:

«Ուր կը տիրէ աղքատութիւն եւ հիւանդութիւն, ու մարդ էակները ընկճուած վիճահի մատնուած են հոն կայ շատ աշխատանք եւ մեր պարտականութիւնն է բոլորին ազատութիւն երաշխաւորել:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբերին, համայն աշխարհի մէջ յատուկ ձեռնակներով եւ հանդիսութիւններով կը յիշատակուի մարդկային իրաւունքներուն պաշտպան՝ Նելսոն Մանտելայի մահուան 5-րդ տարեդարձը:

5 դեկտեմբեր 2013-ին, 95 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց հարաւային Ափրիկէի առաջին նախագահ Նելսոն Մանտելան, որուն երազանքը միշտ եղած էր եւ մասամբ մը իրագործած Հարաւային ափրիկէին մէջ կերտել ընկերութիւն մը , որուն մէջ սեւամորթներն ու ճերմակամորթեր գլուխին բարձր կարենան միասնաբար ընթանալ, սկիզբ տալով հայրենիքի մը, որ խաղաղ է ըլլայ իր ազգայիններուն ըլլայ արար աշխարհի հետ:

«Ուր կը տիրէ աղքատութիւն եւ հիւանդութիւն, ու մարդ էակները ընկճուած վիճաի մատնուած են հոն կայ շատ աշխատանք եւ մեր պարտականութիւնն է բոլորին ազատութիւն երաշխաւորել:» Այս եղած է Նելսն Մանտելային շարունակ կրկնած խօսքերը:

Մանտելայի մահուան տարեդարձի ոգեկոչումը կենսական կը նկատուի նոր կեանք տալու համար ՝ ազատութեան, խտրականութեան- արդարութեան ի խնդիր մղուած առողջ պայքարի:

Նշենք թէ 1993-ին, Նելսոն Մանտելա արժանացած է խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակիրին: 2006ին Amnesty International-ի կողմէ հռչակուած է «խիղճի դեսպան»: Ան աջակցած է միշտ Aids հիւանդութեան դէմ պայքարին: Ի վերջոյ Նելսոն Մատնելան ներշնչման աղբիւր կը մնայ այն բոլոր հաստատութիւններուն, ընկերակցութիւններուն, որոնք կը պայքարին մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի խնդիր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2018, 11:03