Որոնել

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապ այցելեց Ալի Աճքային Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապ այցելեց Ալի Աճքային 

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապ - Ալի Աճքա հանդիպումի 35 ամեակ։

Սուրբ Պապը հանդիպեցաւ զինք մահափորձի ենթարկող Թուրք ահաբեկիչին հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

35 տարիներ առաջ այս օրերուն, 27 դեկտեմբեր 1983-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը, Հռոմի Ռեպիպիա բանտին մէջ հանդիպում ունեցաւ, 13 մայիս 1981-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ՝ զինք մահափորձի ենթարկող, ազգութեամբ Թուրք՝ Ալի Աճքա ահաբեկիչին հետ:

Արդարեւ, 13 մայիս 1981-ին, Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումին տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կատարած յատուկ ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, մինչ՝ Լեհ Պապը՝ պապական յատուկ ինքնաշարժով մը կը շրջագայէր Սուրբ Պետրոսի հրապարակը խուժած հազարաւոր հաւատացեալներուն միջեւ, յետմիջօրէին ճիշդ ժամը 17,19-ին, Ալի Աքճա անունով թուրք ահաբեկիչ մը ատրճանակով մը կրակ բացաւ Սուրբ Պապին վրայ՝ վիրաւորելով զինք։ Մահափորձէն անմիջապէս ետք քահանայապետը Հռոմի Ճըմելլի հիւանդանոց կը փոխադրուի ՝ուր 6 ժամ տեւողութեամբ յատուկ գործողութեան մը կ՝ենթարկուի :

Ահաբեկչական արարքէն հինգ օր ետք, 17 մայիսին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապ հիւանդանոցին իր սենեակին պատուհանէն կ՝արտասանէ Մարեմեան աղօթքը եւ այս առթիւ արտասանած խորհրդածութեան մէջ խօսքը ուղղելով զինք  մահափորձի ենթարկող ոճրագործ թուրքին ըսաւ «կ՝աղօթեմ զիս վիրաւորող եղբօրս համար, որուն անկեղծօրէն ներած եմ:»

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապ ապա մահափորձի իր փրկութեան հրաշքը վերագրելով Ֆաթիմային Տիրամօր բարեխօսութեան, երեք անգամ ուխտագնացութիւն կատարեց Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբավայր . 1982-ին՝ մահափորձէն ճիշդ մէկ տարի ետք, ապա 1991 եւ 2000 թուականներուն, որուն ընթացքին զինք վիրաւորող փամփուշտը զետեղեց Ֆաթիմայի Տիրամօր թագին վրայ եւ այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ.

«Ահա հոս կը գտնուիմ: Եկած եմ շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ նախախնամութեան այս վայրին մէջ որ Աստուածամայրը կարծես թէ յատուկէն ընտրած է:»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2018, 11:02