Որոնել

Ռայի պատրիարքը Ռայի պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարքին ինքնազսպումի կոչը ի նպաստ օրինական պետութեան։

Ռայի պատրիարքը ինքնազսպումի կոչ ուղղեց` շեշտելով, որ միայն օրինական պետութիւնն է, որ կը պաշտպանէ բոլորը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին  արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ խիստ մերժելի է երկրին մէջ վկայել զինեալ երեւոյթ, որուն պատճառով զոհեր կ՛արձանագրուին, ինչպէս նաեւ համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներ կը հրահրուին:

Ռայի պատրիարքը ինքնազսպումի կոչ ուղղեց` շեշտելով, որ միայն օրինական պետութիւնն է, որ կը պաշտպանէ բոլորը` անոնց իրաւունքներով եւ արժանապատուութեամբ:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ լիբանանցիները յուսախաբութիւն կ՛ապրին երկրին քաղաքական պատասխանատուներուն պատճառով, որովհետեւ անոնք ցարդ ձախողած են կառավարութիւն մը կազմել:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը շաբաթ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Մարոնի համայնքի համալսարանականներու զօրակցութեան հաստատութեան տարեկան ընթրիքի երեկոյին:

Հաստատութիւնը կը կրէ նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի անունը, որ նաեւ հաստատութեան նախագահն է:

Երեկոյեան ընթացքին Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Լիբանանի պատասխանատուներուն, յատկապէս հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին նկատի ունենալու լիբանանցիներուն արտագաղթի ահաւոր պատկերը: «Կարելի չէ մեր նոր սերունդներն ու երիտասարդները լքել, որպէսզի անոնք ստիպուած առաջնահերթութիւն նկատեն արտագաղթի ընտրանքը եւ կեդրոնանան դէպի այլ երկիրներ այցետոմս ապահովելու գործին վրայ` իրենց հայրենիքը բարգաւաճեցնելու փոխարէն», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան այս իրավիճակով չի կրնար շարունակել:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2018, 08:45