Եմենի մէջ ամէն 10 վայրկեան մանուկ մը կը մահանայ Եմենի մէջ ամէն 10 վայրկեան մանուկ մը կը մահանայ 

Եմենի մէջ ամէն 10 վայրկեան մանուկ մը կը մեռնի։

«Եմենի մանուկներու տառապանքի պատասխանատուն մարդն է, չափահասները, որոնց որոշումներուն ու արարքներուն սուղ գինը կը վճարեն մանուկները»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եմենը այսօր մանուկներու համար Երկրի վրայ դժոխք մըն է»։ Այս կը հաստատէ  ՄԱԿ-ի մանուկներու հիմնադրամի «ԵՈԻՆԻՍԵՖԻ» Միջին Արեւելիքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանի տնօրէնը՝ Geert Cappelaere , որ ապա դիտել կու տայ թէ «Եմենի մէջ այսօր ամէն 10 վայրկեան մանուկ մը կը մեռնի հիւանդութիւններու պատճառաւ որոնք կարելի է դիւրաւ կանխել ու խնամել։ 1.8 միլիոն մանուկներ կը տառապին սուր թերսնուցումէ։ Անոնցմէ 400 հազարին կեանքը վտանգի մէջ է, մինչ հինգ տարեկանէն վար 30 հազար մանուկներ ամէն տարի կը մահանան թերսնուցումի բերումով յառաջացած հիւանդութիւններու պատճառաւ։

ԵՈԻՆԻՍԵՖԻ տնօրէնը հուսկ այս աղէտը կը վերագրէ պատերազմին ու խնամակալութեան ազգային ծրագրի մը պակասին։ Պատերազմը աղքատութիւն յառաջացուցած է Եմենի մէջ ու մէկ ու կէս միլիոնէ աւելի ընտանիքներ կ՛ապրին յետին աղքատութեան մէջ, ու կարող չեն իրենց զաւակներու հայթայթել պէտք եղած սնունդը։ «Եմենի մանուկներու տառապանքի պատասխանատուն մարդն է, չափահասները, որոնց որոշումներուն ու արարքներուն սուղ գինը կը վճարեն մանուկները» հաստատած է միշտ ՈԻՆՒՍԵՖՒ տնօրէնրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2018, 08:59