Որոնել

Փաքիստանցի քրիստոնեայ քահանաներ աղօթքի մէջ Փաքիստանցի քրիստոնեայ քահանաներ աղօթքի մէջ 

Փաքիստանի ոստիկանութիւնը քրիստոնեաները կը զգուշացնէ ահաբեկչական հաւանական արարքներու վտանգէն։

Ոստիկանութիւնը քրիստոնեայ հաստատութիւններուն կոչ ուղղած է բարձր պահելու հսկողութիւնը ու հակառակ պարագային դիմելու տեղական ապահովական մարմիններուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փաքիստանի ոստիկանութիւնը քրիստոնեայ բոլոր հաստատութիւններուն ու կրօնապետերուն նամակ մը յղած է որուն մէջ զանոնք կը զգուշացնէ ծայրայեղականներու կողմէ գործադրուելիք ահաբեկչական հաւանական արարքներու վտանգէն, որոնք սերտօրէն կապուած են Ասիա Պիպիի հարցին՝ Քրիստոնեայ կինը որ անարդար կլեպով ամբաստանուած էր. մոհամմատին հայհոյելու մեղադրանքով եւ որ 8 տարի բանտարկութենէ ետք՝ Փաքիստանի բարձրագոյն դատարանը վճիռով ազատ արձակել։

Ոստիկանութիւնը քրիստոնեայ հաստատութիւններուն կոչ ուղղած է բարձր պահելու հսկողութիւնը ու հակառակ պարագային դիմելու տեղական ապահովական մարմիններուն։

Ըստ Փաքիստանի Անկլիքան եկեղեցւոյ Հովիւին  ոստիկանութիւնը հաստատած է թէ «ամէն ջանք պիտի դափէ պաշտպանելու համար քրիստոնէական վայրերը» մինչ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընկերային հաղորդամիջոցներու գործադիր քարտուղար՝ Հայր Քայզար Ֆերոս՝ Ֆիտէս լրատու գործակալութիւն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին՝ խօսելով Ասիա Պիպիի հարցին մասին հաստատած է թէ «Փաքիստանի բարձրագոյն ատեանի վճիռը արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն վերադարձուց անձի մը որ անմեղ օրէն կը գտնուէր բանտին մէջ։ Յուսանք որ այդ կինը կարողանայ ուրախ եւ համերաշխ կեանք ունենայ։ Բոլոր քաղաքացիները այս հարցին մէջ պէտք է տեսնեն Փաքիստանի բարիքը՝ երկիր մը ուր արդարութիւնն ու օրէնքը տակաւին յարգուած են։ Այս է մեր Փաքիստանի գաղափարը» ըսած է միշտ Հայր  Ֆերոս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2018, 12:25