Արշաւ Արշաւ 

Դէպի համաշխարհային արշաւը՝ արդարութեան ու խաղաղութեան ի սպաս։

Մէկ տարի տեւող արշաւի նպատակն է խթանել «բոլորին բարօրութիւնը». Խաղաղութիւնը ու իւրաքանչիւրի երջանկութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մահաթմա Կանտիի, Մարթին Լութեր Քինկի, Նելսոն Մանտելայի, Մայր Թերեզայի, Սոււրբ Ֆրանչիսկոսի եւ Ալտօ Քափիթինիի քայլերուն հետեւելով, յառաջիկայ 2019-ի 2 հոկտեմբերէն սկսեալ ու մինչեւ  2 հոկտեմբեր 2020, պիտի ձեռնարկուի վասն խաղաղութեան եւ անարդարութեան համաշխարհային քայլարշաւ մը, որ սկիզբ պիտի առնէ հնդկաստանէն  ու բազմաթիւ երկիրներէն անցնելէ ետք պիտի ժամանէ Ժընեւ։  Արշաւը Իտալիա կը ժամանէ 2020-ի՝ Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն։

Քայլարշաւը անուանուած է « Jai Jagat 2020» որ կը նշանակէ Ներառնող ու խաղաղասէր աշխարհի մը յաղթանակը», աշխարհ մը որ ոչ մէկը կը թողու իր ետին։ Մէկ տարի տեւող արշաւի նպատակն է խթանել  «բոլորին բարօրութիւնը». Խաղաղութիւնը ու իւրաքանչիւրի երջանկութիւնը, հետապնդելով նաեւ ՄԱԿ-ի «կայուն զարգացումի» նպատակակէտերը։

Քայլարշաւին գաղափարը ծնունդ առած է հնդկական ժողովրդային շարժումի մէկ փորձառութենէն որ հանրածանօթ դարձաւ այդպիսի արշաւներ կազմակերպած ըլլալուն համար ի նպաստ Հնդկաստանի աղքատներուն ու բացառուածներուն եւ ի պաշտպանութիւն անոնց հիմնական իրաւունքներուն։

Արշաւի կազմակերպիչ կոմիտէին մաս կը կազմեն Հնդկաստանի ժողովրդական շարժումը եւ Փերուճա-Ասսիզի արշաւին կազմակերպիչները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2018, 08:39