ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներ այցելութիւն տուին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին։ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներ այցելութիւն տուին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին։ 

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներ այցելութիւն տուին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին։

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մանուէլ եպս. Պաթաքեան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ` 31 հոկտեմբերին, այցելեցին Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի.  պատրիարքին ու քննարկեցին կառավարութեան կազմութեան օրակարգը եւ այդ կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութեան խնդիրը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մանուէլ եպս. Պաթաքեան:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը լայնօրէն ներկայացուց կառավարութեան կազմութեան անցնող ամիսներու հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչութեամբ ի գործ դրուած ճիգերը: Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, յատկապէս ընկերային եւ կրթական մակարդակներու վրայ:

Հանդիպումի աւարտին Յակոբ Բագրատունի եւ Աւետիս Կիտանեան եղան հայ կաթողիկէ հոգեւոր տիրոջ ճաշի հիւրերը:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2018, 09:00