Որոնել

Գիրքի ցուցահանդէսի բացում Գիրքի ցուցահանդէսի բացում 

Բացում Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայ Գիրքի Համահայկական ցուցահանդէսին։

11 նոյեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի համահայկական 39-րդ ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը:

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 11 նոյեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի համահայկական 39-րդ ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը:

Յետ Ս. եւ անմահ պատարագին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ ցուցահանդէսին տաղաւարը: Վեհափառ հայրապետը տաղաւարի մուտքին դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ եւ պաշտօնական բացումը կատարեց ցուցահանդէսին:

Իր պատգամին  մէջ վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ հայ գիրքը արժէք է հայ մարդուն համար, իսկ արժէքը նուիրական նշանակութիւն եւ իւրայատուկ կարեւորութիւն ունեցող բարոյական, իմացական եւ գեղարուեստական խորհրդանիշ մըն է, որ անհատի, կազմակերպութեան կամ ընկերութեան մը կեանքը կը ղեկավարէ եւ անոնց  յաւերժութիւնը կ՛երաշխաւորէ: Վեհափառ հայրապետը  դիտել տուաւ, որ առանց արժէքներու կենսագործող առկայութեան, մարդկային կեանքը դատապարտուած է կորսնցնելու իր որակն ու խորքը, իւրայատկութիւնն ու ուղղութիւնը:

«Մարդկային հասարակաց ու ընդհանրական արժէքներուն առընթեր, իւրաքանչիւր կրօն կամ ազգ ունի իր արժէքներու համակարգը: Քրիստոնէութեան արժէքները իր կեանքին միախառնած հայ ժողովուրդին համար արժէք է եկեղեցին ու նաեւ` անոր հոգեմտաւոր արժէքներուն պաշտպանը դարձած  հայրենիքը, մշակոյթը, լեզուն ու ընտանիքը: Այս արժէքներն են, որոնք մեր ժողովուրդի գոյապայքարը լիցքաւորեցին հաւատքով ու վճռակամութեամբ», ըսաւ վեհափառ հայրապետը` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդին համար, մշակութային արժէքներուն կողքին, իր ուրոյն տեղն ու դերը ունի գիրքը:

Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ հայ գիրքը հաւաքական յիշողութեան գանձարան է, որովհետեւ հոն կ՛արտայայտուին հայուն կանչն ու տագնապը, երգն ու վէրքը. «Հոն ապրող ու ապրեցնող ներկայութիւն են մեր գերագոյն արժէքները` եկեղեցին ու Հայաստանը, մեր ազգն ու պատմութիւնը` իրենց անցեալով, ներկայով ու ապագայով»: Ապա, վեհափառ հայրապետը թելադրեց հայ գիրքին մօտենալ երկիւղածութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ, որովհետեւ հայ գիրքէն հեռանալ կը նշանակէ հեռանալ հայութենէ:

Աւարտին, դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ներկաներուն հրամցուց փունջ մը ազգային ու հոգեւոր երգեր:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 2 դեկտեմբեր 2018, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2018, 08:00