Որոնել

Մանկութեան համաշխարհային  Օր Մանկութեան համաշխարհային Օր 

Մանկութեան համաշխարհային Օր։

Ըստ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տուեալներուն ամէն տարի աւելի քան 40 միլիոն մանուկներ զոհ են՝ ֆիզիկական բռնութիւններուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն տարի 20 Նոյեմբերին կը նշուի Մանկութեան Իրաւունքներու Համաշխարհային Օրը, հռչակուած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ 20 Նոյեմբեր 1989ին։ 

2008 թուականէն սկսեալ այդ  օրուան զուգահեռ՝ ՄԱԿ-ի աջակցութեամբ կը յիշատակուի  «Աղօթքի ու մանուկներուն ի նպաստ գործերու» Օրը, որուն ամէն տարի՝ միշտ աւելիով մեծ մասնակցութեամբ կը սատարեն  Երկիրներ ու Պետական մարմիններ։

Ըստ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տուեալներուն ամէն հինգ երկվայրկեան 15 տարեկանէն վար մանուկ մը կը մեռնի, եւ մահացողներուն մեծամարմնութիւնը 5 տարեկանէն վար մանուկներ են, թէեւ 1990 ի վեր այս թիւը բարեբախտաբար նուազած է։ Ամէն տարի ապա 3 միլիոն մանուկներ կը մահանան թերասնումի պատճառաւ իսկ աւելի քան 40 միլիոն մանուկներ զոհ են՝ ֆիզիկական բռնութիւններուն։ Միշտ ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն աշխարհի մէջ աւելի քան 30 միլիոն մանուկներ կ՛ապրին գաղթականութեան մէջ հակամարտութիւններու պատճառաւ։ Մինչ 104 միլիոն մանուկներ կարելիութիւնը չունին դպրոց յաճախելու։

Ըստ «Եռագոյն» կայքէջին՝ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հայաստանեան գրասենեակէն կը յայտնեն, որ Նոյեմբեր 21-ին ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում, որու ընթացքին երեխաները պիտի հնչեցնեն իրենց յուզող խնդիրներն եւ պիտի քննարկեն ատոնց լուծումները ՀՀ նախագահին, Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Դանիա Ռատոչային, Վիւասել-ՄՏՍ-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Յիրիկեանին, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանին, ինչպէս նաեւ` ՀՀ կառավարութեան, մասնաւոր հատուածի եւ հասարակական կազմակերպութիւններու այլ ներկայացուցիչներու հետ:

Համաշխարհային նախաձեռնութեան ծիրէն ներս այս շաբաթ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ երեխաները իրենց ձեռքը պիտի վերցնեն զանգուածային լրատուամիջոցներու, քաղաքականութեան, գործարար, մարմնամարզութեան, զուարճանքներու ոլորտի ղեկը` զօրակցելու դպրոց չյաճախող, անպաշտպան եւ տեղահանուած միլիոնաւոր իրենց տարեկիցներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2018, 08:42