Որոնել

Տիգրանակերտի Հայկական Կաթողիկէ Ս. Սարգիս եկեղեցին Տիգրանակերտի Հայկական Կաթողիկէ Ս. Սարգիս եկեղեցին 

Տիգրանակերտի Հայկական Կաթողիկէ Ս. Սարգիս եկեղեցին աւերակ դարձած է

Ս. Սարգիս կաթողիկէ եկեղեցին կը գտնուի Քաղաքի Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղամասին մէջ։

Իր պատմութեան ընթացքին Տիգրանակերտի հայկական Սուրբ Սարգիս պատմական կառոյցը ծառայեցուած է որպէս հացահատիկի պահեստ, ախոռ: Եկեղեցին որոշ ժամանակ օգտագործուած է նաեւ որպէս անմշակ բրինձի գործարան, որուն պատճառով ստացած է «Չելթիք քիլիսեսի» («Անմշակ բրինձի եկեղեցի») անուանումը:

Տիգրանակերտի Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցին անցեալին կաթոլիկ հայերու հաւաքատեղի  եղած է: Այն յայտնի է նաեւ «Խտըր –Էլիաս» անունով:

Գրաւոր աղբիւրներու մէջ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ կառուցման տարեթիւի վերաբերեալ յստակ տեղեկութիւններ չկան, եկեղեցւոյ տարածքին մէջ ալ որեւէ արձանագրութիւն չէ պահպանուած: Սակայն յատակագիծէն եւ որոշ ճարտարապետական առանձնայատկութիւններէ ելլելով` որոշ աղբիւրներ կ´ենթադրեն, որ եկեղեցին 16-րդ դարու կառոյց է:

Մաքս Ֆօն Բերխեմի «Ամիտա» (Տիարպեքիր) կոչուող գիրքին համաձայն` եկեղեցին կառուցուած է 1515թ․` Տիգրանակերտի բնակիչ օսմանահպատակ հայերուն կողմէն եւ կոչուած «Սուրբ Սարգիս»:

Ղուկաս Ինճիճեանի կողմէ 19-րդ դարուն հրապարակուած  աշխատութեան մը մէջ կը խօսուի քարաշէն, հնգախորան հայկական եկեղեցւոյ մասին, իսկ Թուրքիոյ ասորական համայնքի ներկայացուցիչ, պատմաբան Գաբրիէլ Աքիւզը այս եկեղեցւոյ համար կ´օգտագործէ Մօր Տումեանա անունը:

Աղբիւրը` Էրմէնիհաբեր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2018, 08:29