Քրիստոնեաներու դէմ ահաբեկչական արարք Եգիպտոսի մէջ Քրիստոնեաներու դէմ ահաբեկչական արարք Եգիպտոսի մէջ 

Քրիստոնեաներու դէմ ահաբեկչական արարք Եգիպտոսի մէջ։

Եգիպտոսի մէջ ահաբեկչական արարքի բերումով եօթը Ղպտի քրիստոնեաներ սպաննուեցան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 2 նոյեմբերին Եգիպտոսի Մինիա շրջանին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարք մը պատճառեց եօթը զոհ ու առ նուազն 14 վիրաւորներ։ Ահաբեկչական արարքի թիրախն էին Ղպտի քրիստոնեայ ուխտաւորներ։ Արարքի պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ՏԱՀԵՇը։

Ոճրագործները յարձակած են ուխտաւորներու փոխադրակառքին վրայ ուղեւորներուն հրահանգելով վար իջնել հանրակարգէն ապա անոնց վրայ կրակ բացած  են պատճառելով 7 զոհ ու 14 վիրաւոր»։

«Ասիութ» շրջանի Ղպտի կաթողիկէ եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Քիրիլլոս Ուիլլիամի համաձայն, ահաբեկիչները կ՛ուզեն պետութիւնը խախտել, ու տարածքի վրայ իրենց ներկայութիւնը բանեցնել ապա աշխարհին ըսել որ Եգիպտոսի մէջ ապահովութիւն չի կայ։

Արդարեւ ահաբեկչական արարքը տեղի ունեցաւ այնպիսի ժամանակահատուածի մը ընթացքին ուր երկրին մէջ զբօսաշրջութիւնը սկսած էր դարձեալ զարգանալ։ Գերապայծառ Քիրիլլոս ապա յայտնեց թէ այս արարքին սուղ գինը կը վճարեն յատկապէս ղպտիները։

Եգիպտոսի մէջ առաքելական նուիրակը եւս՝ Գերապայծառ Պրունօ Մուզարօ,  դատապարտեց ահաբեկչական արարքը, զօրակցութիւն յայտնելով Ղպտի եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն։

«Բռնութեան արարք մը որ կը խաթարէ ժամանակ մը ուր կը կածէինք թէ հաստատուած էր անդորրութիւնն ու ապահովութիւնը։ Ահա կը վերադարձանք բռնութեան եւ ատելութեան այս պարոյրին, զոր  կը դատապարտենք խստօրէն» ըսաւ այս առթիւ Գերապայծառ Պրունօ Մուզարոն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2018, 09:20