Ասիա Պիպի Ասիա Պիպի 

Ասիա Պիպիին դատական հարցը դարձեալ կը բարդանայ։

Փաքիստանի կառավարութիւնը որոշած է Ասիա Պիպիին հարցը դարձեալ ուղարկել դատարան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փաքիստանի կառավարութիւնը որոշած է  կեղծ մեղադրանքով ութը տարիէ ի վեր բանտին մէջ գտնուող ու անցեալ օրերուն Փաքիստանի Բարձրագոյն Ատեանի որոշումով ազատ արձակուած՝ 47 ամեայ եւ հինգ զաւակներու մայր կաթողիկէ Ասիա Պիպիին հարցը դարձեալ ուղարկել դատարան։

Վերոնշեալ որոշումը առնուեցաւ կասեցնելու համար իսլամ ծայրայեղ մէկ կուսակցութեան բողոքները որուն նպատակն է մահապատիժի ենթարկել Ասիա Պիպին որ մեղադրուած էր Մոհամմատի հայհոյելու յանցանքով,  մինչդեռ դատարանը երկար քննութենէ ետք հաստատած էր թէ այդ մեղադրանքը շինծու էր ու թէ ոչ մի փաստ կար այդ ուղղութեամբ, ուստի որոշած էր ազատ արձակել Ասիա Պիպին։

Կառավարութեան որոշումով եւ Սիւննի Իսլամ «Թէհրիք Է Լապպէյք» կուսակցութեան հետ կնքուած համաձայնութեամբ Ասիա Պիպին չի կրնար թողուլ Փաքիստանը մինչեւ այն ատեն որ անոր դատը վերաքննութեան չենթարկուի։ Մինչ այդ Ասիա Պիպին պաշտպանող փաստաբան՝ Սայֆուլ Մաալուքը  իրեն ուղղուած մահուան սպառնալիքներու պատճառաւ ստիպուած  եղաւ հեռանալ Փաքիստանէն ու ասպատան գտնել արտերկիր։

«Ֆրաս Փրես» գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Մաալուք  հաստատեց թէ այս քայլը առած է որովհետեւ վախ ունի իր կեանքին համար ու թէ ինք պէտք է ողջ մնայ որպէսզի կարենայ շարունակել Ասիա Պիպիին պաշտպանութիւնը։

Իսկ Փաքիստանի նշանաւոր Տաուն օրաթերթը լուրի մասին խօսելով նշած է թէ« կառավարութիւնը անձնատուր եղաւ կրօնական ծայրայեղականներու բռնութիւններուն  որոնք ոչ սահմանադրութեան կը հաւատան եւ ոչ ալ ժողովրդավարութեան»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2018, 10:51