Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը  

Ռայի Պատրիարք. «Կառավարութեան կազմութիւնը ոչ թէ ըստ քաղաքագէտներու, այլ ըստ սահմանադրութեան պէտք է ըլլայ»:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ոչ թէ ըստ քաղաքագէտներու, այլ ըստ սահմանադրութեան եւ ազգային ուխտին պէտք է տեղի ունենայ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ ընդգծեց, թէ քաղաքական ճգնաժամը, որ տնտեսական, կենցաղային եւ նիւթական դժուարութիւններ կը պատճառէ, կը բխի անձնական, դասակարգային, համայնքային եւ արտաքին հաւատարմութիւններու շահերու հետեւորդներու անխղճութենէն: «Այս բոլորը կը կատարուին պետական հաստատութիւններուն եւ օրէնքին հաշուոյն, ինչպէս ցոյց կու տայ կառավարութեան կազմութեան ընթացքը ընտրութենէն վեց ամիս եւ կառավարութեան կազմութեան յանձնառութեան ստանձնումէն հինգ ամիս ետք», ըսաւ ան:

«Մենք կը գտնուինք երկու իշխանութիւններու` օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններուն անկարողութեան դիմաց, անոնք նախարարութիւնները, վարչամեքենան ու դատական ծառայութիւնները կը դնեն կարգախօսներու սահմաններուն մէջ, քաղաքագէտներու տրամադրութեան եւ փտածութեան տիրապետութեան տակ», ըսաւ պատրիարքը: Խօսելով իրավիճակին ստեղծած քաոսին մասին` Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ հայրենիքը ամէն բանէ վեր է ու անիկա բոլորին համար ապահով տուն ըլլալուն մէջ կը կայանայ, որ պէտք է հիմնուի սահմանադրութեան ու ազգային ուխտին վրայ:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ոչ թէ ըստ քաղաքագէտներու, այլ ըստ սահմանադրութեան եւ ազգային ուխտին պէտք է տեղի ունենայ: Հիմնական նպատակը բոլորին համար ընդհանուր բարիքն է: Ան աւելցուց, որ քաղաքականութիւնը պատեհապաշտութիւն չէ, այլ կը պահանջէ համապատասխան մշակոյթ եւ կրթութիւն, որպէսզի խղճամիտ մարդիկ իրենց որոշումները տան հաւաքական շահերէ մեկնած:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթին կայքէջէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2018, 08:00