Որոնել

Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան այցելեց Մեսրոպեան:

Պարոն Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Մեսրոպեանի աշակերտութեան հետ եւ անոնց խօսեցաւ որպէս լեռնագնաց իր փորձարութիւններուն եւ իրագործած նուաճումներուն մասին:

Հայ անուանի լեռնագնաց եւ վազորդ Արա Խաչատուրեան Նոյեմբեր 13-ին այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ ծանօթացաւ վարժարանի գործունէութեան եւ տարբեր բաժանմունքներու:
Այս առիթով, պարոն Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Մեսրոպեանի աշակերտութեան հետ եւ անոնց խօսեցաւ որպէս լեռնագնաց իր փորձարութիւններուն եւ իրագործած նուաճումներուն մասին: Պատասխանելով աշակերտներու բազմաթիւ հարցումներուն, ան բացատրեց իր մարզական այս իւրայատուկ հետաքրքութիւններուն տուն տուող պատճառները, որպէս լեռնագնաց եւ վազորդ իր հետապնդած նպատակները եւ այդ ճամբուն վրայ իր դիմագրաւած ու յաղթահարած արգելքները:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ յայտնեց իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը վարժարանի յարկին տակ հիւրընկալելու մարդ մը, որ աշակերտներուն համար կրնայ ընկալուիլ որպէս աշխատասիրութեան, կամքի, նպատակասլացութեան եւ հայրենասիրութեան օրինակ: Տնօրէնը վարժարանին անունով յատուկ վահանակ մը շնորհեց հիւրին` հետեւալ վերտառութեամբ. “Հայ Դատի Անխոնջ ՆուիրեալԼեռնագնաց ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ`Լուսնին Հասնելու Երազանքի Իրականացման Մաղթանքով”: Արա Խաչատուրեան, որ նուաճած է աշխարհի բարձրագոյն գագաթները` Էվերեսթն ու Արարատը ներառեալ, իսկապէս ունի երազանքը հասնելու լուսին եւ այնտեղ բարձրացնելու հայկական Եռագոյնը: Ան այս տարուայ ամրան վազքով Մարսէյէն հասաւ Երեւան, 107 օրուան ընթացքին կտրելով 4450 քլմ. տարածութիւն` յանուն համաշխարհային խաղաղութեան:


Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2018, 08:12