Որոնել

Հայաստանի եւ Իտալիոյ նախագահները Հայաստանի եւ Իտալիոյ նախագահները 

Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ նախագահին հետ

Նախագահները քննարկած են հայ-իտալական կապերու սերտացման վերաբերող հարցեր:

Աշխատանքային այցելութեամբ Իտալիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

Նախագահները քննարկած են հայ-իտալական կապերու սերտացման վերաբերող հարցեր:

Նշուած է, որ բարձր մակարդակով փոխադարձ այցելութիւնները էապէս կը նպաստեն երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման եւ նոր թափ կը հաղորդեն բարեկամ երկիրներուն միջեւ բոլոր ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացման:

Նախագահ Սարգսեան իր գործընկերոջ տեղեկացուցած է Իտալիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մասին: Ընդգծելով, որ համագործակցութեան լայն կարելիութիւններ առկայ են թէ՛ տնտեսական, թէ՛ մշակութային ու գիտական մարզերուն մէջ, նախագահները կարեւոր նկատած են առկայ ներուժի լիարժէք կենսագործումը:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2018, 08:14