Քալիֆորնիոյ Մէջ Անտառային Հրդեհներ Քալիֆորնիոյ Մէջ Անտառային Հրդեհներ 

Քալիֆորնիոյ մէջ անտառային հրդեհներու զոհերու թիւը հասած է 66-ի,

Կը հաղորդուի, որ հրդեհին ընդհանուր մակերեսը 219 քառակուսի մղոն է:

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ անտառային հրդեհները, որոնք նահանգի պատմութեան մէջ ամէնէն մահաբերն ու մեծագումար վնաս պատճառածն են, 66 հոգիի կեանք խլած են, իսկ անհետ կորածներուն թիւը հասած է 631-ի: Այս մասին կը հաղորդէ «Էյ.Պի.Սի.Նիուզ»-ը:

«Տը Կարտիըն» կը գրէ, որ մարդոց մոխրացած մնացորդները յայտնաբերուած են Փերըտայզ, Մակալիա եւ Քանքոու համայնքներուն մէջ:

Աղբիւրը կը նշէ, որ 15 նոյեմբերի դրութեամբ անհետ կորսուածներուն թիւը 297 էր, սակայն ընդամէնը 24 ժամուան մէջ այդ թիւը շրջանցած է 600-ը:

Ընդհանուր առմամբ, կրակը «կուլ տուած է» 11.862 շինութիւն, որմէ 9700-ը` բնակարան, 118-ը` բազմաբնակարան շէնք, 290-ը` առեւտուրի գրասենեակ:

Կը հաղորդուի, որ հրդեհին ընդհանուր մակերեսը 219 քառակուսի մղոն է: Հրշէջները յաջողած են մարել հրդեհի 40 առ հարիւրը: Սակայն օդերեւութաբանները կը նախատեսեն, որ շաբաթավերջին քամին պիտի ուժեղանայ, ինչ որ պիտի նպաստէ կրակի տարածման:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2018, 10:22