Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ  

Եւրոպական Միութիւնը որդեգրեց «Պրեքզիթ»-ի վերաբերեալ համաձայնագիր

«Եւրոպական Միութեան 27 անդամ պետութիւնները որդեգրեցին Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալու համաձայնագիրը :

Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներու ղեկավարները որդեգրեցին Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու վերաբերեալ համաձայնագիրը: Այս մասին երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք:
«Եւրոպական Միութեան 27 անդամ պետութիւնները որդեգրեցին Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալու համաձայնագիրը եւ Եւրոպական Միութիւն-Բրիտանիա յարաբերութիւններու ապագային վերաբերեալ Քաղաքական հռչակագիրը», գրեց ան:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր իր կարգին ըսաւ. «Ասիկա բոլոր հաւանական համաձայնագիրներէն լաւագոյնն է Բրիտանիոյ համար»:
Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած յատուկ նիստէն առաջ Եւրոպական Միութեան երկիրներու ղեկավարները իրենց մեկնաբանութիւններուն մէջ համոզում կը յայտնէին, որ գործարքը լաւագոյնն է եւ այլընտրանք չունի:
Վերջին հաւանական խոչընդոտը վերցուեցաւ, երբ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչես բրիտանական կառավարութենէն հաւաստումներ ստացաւ Ժիպրալթարի հարցով եւ հրաժարեցաւ նիստը արգելակելու մտադրութենէն:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը գրէ, որ Բրիտանիոյ մէջ համաձայնագիրին շուրջ բուռն քննարկումները կը շարունակուին: Փաստաթուղթը կը քննադատեն թէ՛ «Պրեքզիթ»-ի կողմնակիցները, թէ՛ ալ հակառակորդները, հետեւաբար առայժմ յստակ չէ, թէ արդեօք բրիտանական խորհրդարանին մէջ համաձայնագիրը բաւարար զօրակցութիւն պիտի ստանա՞յ:
Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ երէկ բաց նամակով մը բրիտանացիներուն կոչ ուղղեց` աջակցելու «Պրեքզիթ»-ի հարցով համաձայնագիրին, որ ըստ անոր, նոր էջ պիտի բանայ երկրին կեանքին մէջ:
 

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2018, 08:00