Որոնել

Նորածին Նորածին 

Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն Արցախի մէջ լոյս աշխարհ եկած է 1738 երեխայ:

«Ըստ դիտարկման՝ այս տարուան ծնած աղջիկ երեխաներու ամենատարածուած անուններն են Անի, Մարիա, Նարէ եւ Մանէ, իսկ տղաներունը՝ Դաւիթ, Տիգրան, Հայկ եւ Դանիէլ»,- նշած է Մ. Մինասեան:

2018 Յունուար-Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան մէջ ծնունդներուն թիւը կազմած է 1738, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ նուազած է 1,1%-ով:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ այս մասին, այսօր տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսին ժամանակ ըսած է ԱՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահ Մանուշ Մինասեան:

Անոր տեղեկութիւններով՝ բազմապտուղ ծնունդներու թիւը ընթացիկ տարուան Յունուար-Սեպտեմբերին կազմած է 34 (բոլորն ալ զոյգ)` նախորդ տարուան 46-ի փոխարէն:

«Ըստ  դիտարկման՝ այս տարուան ծնած աղջիկ երեխաներու ամենատարածուած անուններն են Անի, Մարիա, Նարէ եւ Մանէ, իսկ տղաներունը՝ Դաւիթ, Տիգրան, Հայկ եւ Դանիէլ»,- նշած է Մ. Մինասեան:

Ոլորտի պատասխանատուին խօսքով՝ այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբերին հանրապետութեան մէջ մահացածներուն թիւը կազմած է 897 մարդ, որ  նախորդ տարուա ն նոյն ժամանակահատուածին համեմատ նուազած է 0.3 %-ով: Հանրապետութեան մէջ հաշուետու ժամանակաշրջանին ծնածներուն 43.6 %-ը եւ մահացածներուն 39.6%-ը բաժին հասած են մայրաքաղաքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2018, 09:58