Որոնել

Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան ժողով` Ս. Էջմիածինի մէջ Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան ժողով` Ս. Էջմիածինի մէջ 

Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան ժողով` Ս. Էջմիածինի մէջ

Ժողովը հիւրընկալողն էր Հայաստանի Ս. Գրային ընկերութիւնը:

27 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Աստուածաշնչային միացեալ ընկերութիւններու միջեւ գործակցութեան միջազգային համաժողովը: Սոյն համաժողովին Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ կը մասնակցէր Եզնիկ արք. Պետրոսեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն Մակար եպս. Աշգարեանը, որ միաժամանակ անդամ է վերոյիշեալ համաժողովի մնայուն յանձնախումբին:

Երկու եկեղեցական ընտանիքներէն եւ Աստուածաշնչային միացեալ ընկերութիւններէն կազմուած մնայուն յանձնախումբի անդամները իրենց տարեկան հանդիպումները եւ աշխատանքները սկսած էին շուրջ 20 տարիներ առաջ` նպատակ ունենալով հասնիլ միացեալ համաձայնութեան մը եւ խմբագրել ուղեցոյց մը (memorandum), ըստ որուն կարելի պիտի ըլլար վերոնշեալ եկեղեցական զոյգ ընտանիքներուն եւ Աստուածաշնչական միացեալ ընկերութիւններուն միջեւ գործնական ու անվերապահ համագործակցութիւնը, աշխատակցութիւնն ու հասկացողութիւնը, եւ թէ ինչպէ՞ս կարելի է Աստուածաշունչի թարգմանութեան օժանդակել, բաժնել ու տարածել` հասանելի դարձնելով բոլորին:

Այդ ուղեցոյցը արդէն իսկ տարի մը առաջ Կրէտէի մէջ տեղի ունեցած ժողովին վերջնական ձեւի բերուած էր եւ կը մնար անոր ստորագրութեամբ պաշտօնականացումը:

Ժողովը հիւրընկալողն էր Հայաստանի Ս. Գրային ընկերութիւնը:

Համաժողովը կը կրէր «Աստուածաշունչը փոփոխալից աշխարհի մը մէջ» խորագիրը: Ժողովին մասնակցեցան շուրջ 40 աստուածաբաններ, եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ յատուկ հրաւիրեալներ իբրեւ դիտորդներ` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն (ԵՀԽ), Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդէն եւ Աստուածաշնչային միացեալ եկեղեցիներու եկեղեցական յարաբերութեան յանձնախումբի անդամներէն:

Համաժողովի ընթացքին ներկայացուեցան հետեւեալ դասախօսութիւնները. «Աստուածաշունչին տեղն ու դերը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ», «Աստուածաշունչին ներշնչականութիւնը», «Աստուածաշունչին տեղը համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ», «Աստուածաշնչային միացեալ ընկերութիւններու ծառայութիւնը բոլոր եկեղեցիներուն մէջ` առաքելութիւն, տեսիլք եւ արժէքներ», «Թարգմանութիւնները իբրեւ հիմնական կիզակէտ Աստուածաշնչային միացեալ ընկերութիւններուն համար» եւ «Թուայնացումի դարու մարտահրաւէրներն ու առիթները»:

Զոյգ օրերու ընթացքին տեղի ունեցան քննարկումներ, միտքերու փոխանակում ու առաջարկներ: Աւարտին, կարդացուեցաւ «Հասկացողութեան ուղեցոյցը» եւ որոշ փոփոխութիւններէ ետք բոլորին համաձայնութեամբ ընդունուեցաւ եւ պաշտօնապէս ստորագրուեցաւ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2018, 08:00