Խաղաղութեան կամուրջներ Խաղաղութեան կամուրջներ 

«Խաղաղութեան կամուրջներ» Սանդ Էճիտիոյի հասարակութեան ձեռնարկը։

«Խաղաղութեան Կամուրջներ» ձեռնարկին նպատակն է շարունակել Ասսիզիի Հոգին

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

14- 16 հոկտեմբեր 2018-ին, Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ նախատեսուած է «Խաղաղութեան կամուրջներ» ձեռնարկին 32-րդ փուլը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ հիմնուելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին «Ասսիզիի Հոգիին» վրայ որով երջանկայիշատակ Քահանայապետը Սուրբ Ֆրանչեսքօ Ասսիզացիի ծննդավայրին մէջ 1986 թուականին համախմբած էր աշխարհի բոլոր կրօններու ներկայացուցիչները միասնաբար աղօթելու Խաղաղութեան համար։

«Խաղաղութեան Կամուրջներ» ձեռնարկին նպատակն է շարունակել այդ ընթացքը ու ժողովուրդներու, մշակոյթներու ու կրօններու միջեւ հաստատել երկխօսութեան եւ բարեկամութեան կամուրջներ։ Ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը կը բերէ ի մէջ այլոց՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդը՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արք Միրիաթեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2018, 08:41