Որոնել

2018-ի Խաղաղութեան Նոպէլեանի մրցանակակիրներ 2018-ի Խաղաղութեան Նոպէլեանի մրցանակակիրներ  

Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակը՝ Տընիս Մուկվեկէին եւ Նատիա Մուրատին։

Քոնկոլացի վիրաբոյժ Տընիս Մուկուեկէ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ոճիրներու թիրախ՝ եզտի իրաւապաշտպան Նատիա Մուրատը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 5 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Նորվեկիայի Օզլօ քաղաքին մէջ, յայտարարուեցան 2018 թուականի  Խաղաղութեան նոպէլեանի մրցանակակիրներու անունները:
Քոնկոլացի վիրաբոյժ Տընիս Մուկուեկէ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գործադրած ոճիրներու թիրախ՝ եզտի իրաւապաշտպան Նատիա Մուրատը: «Անոնք  պարգևատրուած են զինուած  հակամարտութիւններու ժամանակ սեռական բռնութեան վերջ դնելու ուղղուած ջանքերուն համար» նշած է այս առթիւ Նոպէլեան մրցանակի կոմիտէն:

Մուկվեկէն իր կեանքը նուիրեց՝ Քոնկոյի հանրապետութեան մէջ պատերազմական գօտիներու մէջ բռնաբարութեան զոհ  կիները փրկելու ու զանոնք պաշտպանելու  համար,  մինչ Նատիա Մուրատը դարձաւ  կիներու պաշտպանութեան քաղաքական գործիչ, ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուելէ ու «սեռային» ստրկութեան թիրախ դառնալէ ետք։

Նշենք թէ 5 մայիս  2017ի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին,  23 ամեայ Նատիա Մուրատը ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ առիթ ունեցած էր հանդիպելու եւ զրուցելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հետ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2018, 12:05