Որոնել

Ռայի պատրիարքը Ռայի պատրիարքը 

Պատրիարք Ռայի. «Պէտք է կազմել ազգային միասնական կառավարութիւն մը»

Պատրիարքը նշեց թէ իրեն հետ բերած է Հռոմի պապին ողջոյններն ու օրհնութիւնը` Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը` վերադառնալով 40 օր տեւած արտասահմանեան իր շրջագայութենէն` «Ռաֆիք Հարիրի»-ի անուան Պէյրութի օդակայանին մէջ լրագրողներուն հետ զրուցելով յայտնեց, որ Քանատա եւ Հռոմ տուած իր այցելութիւնները արդիւնաւէտ էին:

Ան ըսաւ, որ իրեն հետ բերած է Հռոմի պապին ողջոյններն ու օրհնութիւնը` Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, որոնք իսկապէս կարիք ունին Աստուծոյ դիմելու, որպէսզի պահպանէ զիրենք եւ կայունութիւն տայ Լիբանանին:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան` Ռայի ըսաւ, որ Լիբանան կարիք ունի ազգային միասնական կառավարութեան մը, ուր ներկայացուած ըլլան քաղաքական բոլոր ուժերը` յիշեցնելով, որ լիբանանցիներուն 51 առ հարիւրը չմասնակցեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Անոր համաձայն, այսքան ուշացումը արդարացուած չէ, պէտք էր աւելի կանուխ քայլերու ձեռնարկուէր ու անհրաժեշտ լուծումները գտնուէին:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` պատրիարքը նշեց, որ ատիկա պիտի կայանայ Պքերքէի մէջ:

Ան շեշտեց, որ քրիստոնեաները պէտք է միացեալ խօսքով ու կեցուածքով հանդէս գան, որպէսզի ծառայեն համայն լիբանանցի ժողովուրդին` դիտել տալով, որ հաշտութիւնները պէտք է ներառեն բոլորը անխտիր, որպէսզի խաղաղ եւ բարգաւաճման ձգտող երկիր մը ունենանք:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2018, 08:10