Որոնել

Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եկեղեցին Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եկեղեցին 

Փերուճա-Ասսիզի քայլարշաւը նուիրուած մարդկային իրաւունքներու, խաղաղութեան ու եղբայրութեան խթանման։

Քայլարշաւին առթիւ նախատեսուած է նաեւ Մարդու Իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովը մը։

Կիրակի 7 հոկտեմբեր 2018-ին տեղի կ՛ունենայ Փերուճա-Ասսիզի տարեկան քայլարշաւը որ Փերուճա քաղաքէն մեկնելով կը հասնի՝ խաղաղութեան սուրբ՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի քաղաք Ասսիզի։ Քայլարշաւը այս տարի նուիրուած մարդու համընդհանուր իրաւունքներու հռչակագիրի 70րդ ամեակին ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան խթանումին։

Քայլարշաւին առթիւ՝ 5 –եւ 6 հոկտեմբեր 2018-ին Փրուճայի մէջ նախատեսուած է նաեւ Մարդու Իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովը մը։ 

Յայտնենք թէ Փերուճիա - Ասսիզի քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հազարաւոր երիտասարդներ, ընտանիքներ, ընկերակցութիւններու, քաղաքական ու քաղաքացիական աշխարհի ներկայացուցիչներ։ Քայլարշաւը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան 9-ին Փերուճաէն ու վերջ կը գտնէ Ասսիզզի մէջ յետմիջօրէի ժամը 3-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2018, 08:26