Որոնել

Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնը Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնը 

Յուղարկաւորութիւն` աշխարհահռչակ երաժիշտ Շարլ Ազնաւուրի

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը մատուցեց հոգեհանգիստի կարգը:

Փարիզի կեդրոնին մէջ գտնուող հայկական Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մայր տաճարին մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը: Յայտնի է, որ այս եկեղեցիին մէջ մկրտուած եւ պսակադրուած է Ազնաւուրը:

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը մատուցեց հոգեհանգիստի կարգը:

Ներկայ էին Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները` նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, արտաքին գործոց եւ մշակոյթի նախարարները:

Ազնաւուրի ընտանիքին ցանկութեամբ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը չնկարահանուեցաւ: Մեծ թիւով հայեր եւ ֆրանսացիներ հաւաքուած էին եկեղեցւոյ մօտ, անոնք ծափահարութիւններով ճանապարհեցին առասպելական երաժիշտը:

Ազնաւուրին թաղումը կատարուեցաւ Փարիզի արուարձանին մէջ գտնուող ընտանեկան գերեզմանատան մէջ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2018, 08:30