Որոնել

Խաղաղութեան կամուրջներ Խաղաղութեան կամուրջներ 

Եզրափակում «Խաղաղութեան կամուրջներ» Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան ձեռնարկին։

Մարքօ Իմափալիացցօ « Մենք ունինք երազ մը. Խաղաղութիւնը»։

Ռոպէր Աթթարեամ - Վատիկան

Երեքշաբթի 16 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան Պոլոնիա քաղաքի «փիացցա Կրանտէ» հրապարակին վրայ եզրափակուեցաւ երեք օր տեւած «խաղաղութեան կամուրջներ» Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան «Ասսիզզի Հոգիով» կազմակերպած համամիութենական միջազգային ձեռնարկը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր մարդիկ ու 300 աւելի կրօնապետեր։

«Պոլոնիան երեք օրուայ տեւողութեամբ հանդիսացաւ խաղաղութեան քաղաք» ըսաւ այս առթիւ Պոլոնիայի առաջնորդ Գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփփին, աւելցնելով թէ «այնտեղէն ընթացք առաւ խաղաղութեան շարժում մը որ կը ծլի ու կ՛աճի աշխարհին մէջ»։ Մինչ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահը՝ Մարքօ Իմփալիացցօ հաստատեց թէ այդ «շարժումը սրտերու շարժում մըն է, շարժում է միտքերու ու կամքերու ինչպէս նաեւ խաղաղութեան մշակոյթներու շարժում»։

Երեք օր տեւած ձեռնարկի ընթացքին քննարկումներ կատարուեցան աշխարհի մէջ տակաւին բաց բազմաթիւ վէրքերու մասին, պատերազմներու մասին ու վկայուեցաւ նաեւ թէ «խաղաղութիւնը տակաւին կարելի է» ինչպէս նշեց Մարքօ Իմափալիացցոն մէջբերելով «Մարթին Լութեր Քինկին խօսքերը « Մենք ունինք երազ մը. Խաղաղութիւնը»։

Եռօրեայ հանդիպումները վերջ գտան ինչպէս նշեցինք Պոնոլիայի Փիացցա Կրանտէ հրապարակին վրայ, զանազան կրօններու մատուցած աղօթքներով։ Մինչ այս առթիւ հրապարակուած «Խաղաղութեան Կոչին» մէջ կը նշուի թէ խաղաղութիւնը կարելի է «սակայն կարիքը ունի յանձնառումի ու սրտերու եւ մտքերու բիւրեղացումին, օգնելով ժողովուրդները ուրիշի աչքերուն մէջ նայելու ու չի փակուելու վախերու ներքոյ»։

Խաղաղութիւնը կառուցելու համար ապա անհրաժեշտ է նաեւ կրօններու դերակատարութիւնը, որոնք «կապ մըն են, հասարակութիւն մըն են։ Անոնք կամուրջներ են ու կարող են ընտանիքներ ստեղծել»։Հարկաւոր առ այդ երկխօսութիւնը՝ ուրիշը հասկնալու համար, մանաւանդ աշխարհի մը մէջ ուր կը տիրէ բռնութիւն, ծայրայեղութիւն, վախ ու պատերազմներ։ Պէտք է սորվինք միասին ապերու արհեստը» հաստատեց այս առթիւ Մարթին Լութեր Քինկին աղջիկը՝ որ իր կարգին մասնակցած էր վերոնշեալ ձեռնարկին։

«Խաղաղութեան կամուրջներ»ու յաջորդ փուլը նախատեսուած է եկող տարի Մատրիտի մէջ, միշտ իր մէջ ունենալով «Ասսիզզի հոգին»՝ խաղաղութեան հոգին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2018, 09:04