Որոնել

Շառլ Ազնաւուր Շառլ Ազնաւուր 

Ազնաւուրի հոգեհանգիստի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 5-ին:

Հոկտեմբեր 1-ին, 94 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ նշանաւոր ֆրանսահայ շանսոնիէ, երգիչ, երգահան, դերասան եւ հասարակական գործիչ Շառլ Ազնաւուրը:

Աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի հոգեհանգիստի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 5-ին Փարիզի Հաշմանդամներու յուշատան մէջ: Այս մասին կը տեղեկանանք «Ազնաւուր» հիմնադրամի դիմատետրէն:
Յայտնենք թէ«Ազգային հերոս Շառլ Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ` ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի յանձնարարութեամբ ՀՀ բոլոր դիւանագիտական եւ հիւպատոսական ներկայացուցչութիւններուն մէջ բացուած են սգոյ մատեաններ»,–ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան:
Յիշեցնենք, որ հոկտեմբեր 1-ին 94 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ նշանաւոր ֆրանսահայ շանսոնիէ, երգիչ, երգահան, դերասան եւ հասարակական գործիչ Շառլ Ազնաւուրը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2018, 08:08