Որոնել

Երեւանի մէջ  Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողով Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողով 

«Ապրիլ Միասին» կարգախօսին ներքեւ Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովի հանդիսաւոր բացում` Երեւանի մէջ:

Ըստ Հայաստանի կառավարութեան, Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան կը գտնուին 84 երկրի պատուիրակութիւն: Վեհաժողովին կը մասնակցի 38 երկրի ղեկավար:

Հինգշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2018-ին, Երեւանի մէջ սկսաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անոր տիկինը` Աննա Յակոբեան, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանը եւ անոր ամուսինը մինչեւ վեհաժողովի պաշտօնական բացումը Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ դիմաւորած են Հայաստան հասած ֆրանսախօս երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է պատուիրակութիւններու ղեկավարներու լուսանկարահանման արարողութիւն:

Ըստ Հայաստանի կառավարութեան, Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան կը գտնուին 84 երկրի պատուիրակութիւն: Վեհաժողովին կը մասնակցի 38 երկրի ղեկավար:

Վեհաժողովի օրակարգին վրայ է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան հարցը:

Վեհաժողովի թեման է` «Ապրիլ միասին` յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը` իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք ֆրանսախօս երկիրներու շրջանին մէջ»:

Կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի լոկօ ընտրուած է նուռը` ի նշան ֆրանսախօս երկիրներու ամբողջ տարածքի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման:
Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի կարծիքով` Հայաստանն ու հայոց հողը կրնան դառնալ երիտասարդութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Միքայէլ Ժան նման կարծիք յայտնած է Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ: «Հայոց հողը` յոյսի եւ յիշատակի հողը, կրնայ դառնալ երիտասարդութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ, որուն իրականացումը կախուած է ձեզմէ», դիմելով ներկաներուն` նշած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը:

Անոր համաձայն, Հայաստանի հողին վրայ ամէն ինչ կը պարտաւորեցնէ յիշել եւ յիշատակել: Միքայէլ Ժան շեշտած է, որ այս պահուն մտքերով Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր նահատակներուն հետ է, ինչպէս նաեւ այն մարդոց, որոնք յաջողած են փրկուիլ ու ողջ մնալ: «Հայաստանը այսօր կենդանի է եւ հարուստ: Հայաստանը հարուստ է իր սփիւռքով, որ տարածուած է աշխարհի մէջ: Շարլ Ազնաւուրն ալ այդպիսի հայ մըն էր: Այսօր Հայաստանի մէջ է ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը` աշխարհի 5 ցամաքամասերէն: Մեզի համար մեծ երջանկութիւն է հիւրընկալուիլ այստեղ: Ամէն ինչ հայոց հողին վրայ մեզ կը պարտաւորեցնէ յիշատակելու, միեւնոյն ժամանակ ամէն ինչ մեզ կը պարտաւորեցնէ սթափ ըլլալու», ընդգծած է Միքայէլ Ժան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2018, 08:46