Միացեալ Նահանգներ ներգաղթողներու լուսանկար Միացեալ Նահանգներ ներգաղթողներու լուսանկար 

Դէպի Միացեալ Նահանգներու սահման շարժող ներգաղթողներու«Կարաւան»

Մէկ գիշերուան մէջ դէպի Միացեալ Նահանգներու սահման շարժող ներգաղթողներու «Կարաւան»-ին միացած է 5 հազար մարդ

Հոնտուրասէն ու լատին ամերիկեան այլ երկիրներէն դէպի Միացեալ Նահանգներ շարժող ներգաղթեալներու «կարաւան»-ը, որուն երկարութիւնը աւելի քան 4 քիլոմեթր է, արդէն կը պարփակէ 7000-էն աւելի անդամ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ»-ը:
Բրիտանական օրաթերթը կը նշէ, որ տակաւին մէկ օր առաջ «կարաւան»-ը կը բաղկանար երկու հազար մարդէ: Ներգաղթեալներու թիւը հինգ հազարով աւելցած է ընդամէնը մէկ գիշերուան մէջ:
Ներգաղթեալներու ամբոխի մէկ մասը` 640 հոգի, ներկայիս կը գտնուի Մեքսիքայի տարածքին, ուր յայտնուած է Կուաթեմալայի սահմանը հատելէ ետք: Միւսները կը գտնուին Կուաթեմալայի մէջ: Անոնք նպատակ ունին Մեքսիքայի տարածքով հասնիլ Միացեալ Նահանգներու սահման ու «երազանքներու երկրին» մէջ ապաստան ստանալ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնացած է այլեւս օգնութիւն չտրամադրել Հոնտուրասին ու Կուաթեմալային, եթէ «կարաւան»-ին ընթացքը չկասեցուի:
Թրամփ յայտարարած է, որ ներգաղթեալներու «կարաւան»-ը քաղաքական դրդապատճառներ ունի` ատոր մէջ մասամբ մեղադրելով նաեւ դեմոկրատականները:
Այս հարցին մէջ Թրամփի համակարծիք են նաեւ Հոնտուրասի եւ Կուաթեմալայի նախագահները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2018, 09:03