Խումբ մը ափրիկեցիներ Խումբ մը ափրիկեցիներ 

Աշխարհի վրայ 124 միլիոն մարդ կը տառապի սովէ

Ափրիկէի վեց երկիրներու մէջ սովի խնդիրը կը հասնի վտանգաւոր չափերու:

Աշխարհի վրայ 124 միլիոն մարդ կը տառապի սովէ, եւ Ափրիկէի երկիրները կը գրաւեն այդ ցուցակի առաջին դիրքերը: Այս մասին կը վկայեն տուեալները «Սովի համընդհանուր ցուցանիշ» տարեկան զեկուցումին, որ ոչ կառավարական «Վելթհունկերհիլֆէ» եւ «Քոնսըռն Ուըրլտուայտ» կազմակերպութիւններուն հետ կը հրապարակէ Պարենային քաղաքականութեան միջազգային հետազօտական հիմնարկը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Ափրիկէի վեց երկիրներու մէջ սովի խնդիրը կը հասնի վտանգաւոր չափերու, իսկ ամէնէն վտանգաւոր վիճակը Կեդրոնական ափրիկեան հանրապետութեան մէջ է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2018, 08:39