Որոնել

Արամ Ա Կաթողիկոս Արամ Ա Կաթողիկոս 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին յղած պատգամը` կապուած Հայայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն:

451-ին, բաժան-բաժան դարձած մեր ժողովուրդը, միասնական ոգիով ու «վասն հայրենեաց» սրբազան նշանաբանով Հայաստանը պաշտպանեց Յազկերտին դիմաց:

Մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն: Սփիւռքը դիտողի կրաւորական ու անտարբեր վիճակին մէջ չի կրնար ըլլալ: Սփիւռքը Հայաստանի անանջատելի մասը կը կազմէ: Ան ընելիք ու ըսելիք ունի հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն նկատմամբ: Հայրենիքին ընդհանրական, մնայուն ու գերագոյն շահերը պէտք է գերիվեր նկատել անհատական թէ կուսակցական, կողմնակի թէ ժամանակաւոր շահերէն: Հայրենիքը, ամէն գնով, ի պահանջել հարկին փոխադարձ զիջումներով, հարկ է հեռու պահել ներքին վերիվայրումներէ ու վտանգալից կացութիւններէ: Փոխադարձ ամբաստանութեամբ, արհամարհանքով ու անվստահութեամբ տիրապետուած ներկայ քաղաքական մշակոյթը պէտք է տեղի տայ` փոխադարձ սիրոյ, հանդուրժողութեան ու յարգանքի մշակոյթին, ինչպէս նաեւ բաժանարար մօտեցումները` միարար մտածողութեան ու հաւաքական որոշումներու դիմաց:

451-ին, բաժան-բաժան դարձած մեր ժողովուրդը, միասնական ոգիով ու «վասն հայրենեաց» սրբազան նշանաբանով Հայաստանը պաշտպանեց Յազկերտին դիմաց: Այսօր, երբ շրջապատուած ենք նոր օրերու Յազկերտներով, մենք կոչուած ենք ամուր հաւատքով ու հաւաքական յանձնառո՛ւթեամբ առաւել հզօրացնելու մեր հայրենիքը:

Արդ, սիրելի՛ զաւակներ նոյն եւ մէկ ժողովուրդին ու հայրենիքին, եկէք, միասնաբար քալենք սիրոյ ու օրէնքի ճամբէն` փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ եւ մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ու հայրենիքին անվտանգութիւնը ամէն բանէ առաջ ու վեր դաւանելով:

Ա՛յս է պատգամը մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2018, 07:30