Որոնել

Ասիա Պիպի Ասիա Պիպի 

Ազատ արձակուած է Ասիա Պիպին

Փաքիստանի բարձրագոյն ատեանը ազատ արձակած է մահապատիժի դատապարտուած քրիստոնեայ Ասիա Պիպին:

2010ին, Փաքիստանի դատարանի կողմէ անարգութեան մեղադրանքով մահապատիժի դատապարտուած Փասքիտանցի քրիստոնեայ Ասին Պիպին, ազատ արձակուած է չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբերին իտալիոյ ժամով 5,20ին: Ազատ արձակուելու վճիռին լուրը յայտարարուած է Փաքիստանի բարձրագոյն ատեանի կողմէ:

Ասիա Պիպին, ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած էր 2009-ին, Փաքիստանի մէջ մահմտետական կարգ մը կիներուն կողմէ, Մուհամէտ մարգարէին դէմ հայոյերու զրպարտիչ մեղադրանքով։

Անցեալ Փետրուար ամսոյն Ֆրանչիսկոս Պապ վատիկանի մէջ ընդունած էր Ասիա Պիպիին ամուսինն ու դուստրը , որոնք Հռոմի մէջ, մասնակցած էին Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան մէկ ձեռնարկին։

Ասիա Պիպի ընտանիքին հետ առանձնական հանդիպումի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց որ «Աղօթենք Ասիա Պիպիին եւ Պոքօ Հարամի բանտերուն մէջ գտնուող բոլոր կիներուն համար»:

Ասիա Պիպիին ազատագրումին ի լուր՝ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան հետ ունեցած խօսակցութեան մը ընթացքին Ասիա Պիպիին անչափահաս դուստրը յայտնեց թէ ինք անհամբեր կը սպասէ վերստին ողջագուրելու մայրը,«վերջապէս մեր աղօթքները լսելի եղան» ըսաւ ան արտասուքի մէջ, մինչ Ասիա Պիպիին ամուսինը հաստատեց  թէ այս ամէնէ գեղեցիկ լուրն էր որ կարելի էր ընկալել նկատել տալով թէ շատ դժուար եղաւ այս տարիները ապրիլ իր կնոջմէ հեռու ու գիտնալ թէ ան դաժան պայմաններու մէջ կը գտնուէր։  «Այժմ վերջապէս մեր ընտանիքը պիտի միանայ, նոյնիսկ եթէ տարակոյս ունիմ եթէ կարելի պիտի ըլլայ մեր կեանքը շարունակել Փաքիստանի մէջ» աւելցուցած է Ասիա Պիպիի ամուսինը։ 

«Բոլորս երջանիկ ենք, Տէրը՝ Ասիա Պիպիին եւ անոր մօտիկ կանգնող բոլոր մարդոց աղօթքը լսեց : Այսօր գեղեցիկ օր մըն է բոլորս այս օրը պիտի յիշենք մեր, ամբողջ կեանքին ընթացքին: Արդարութիւնը նուաճեց եւ վերջապէս անմեղ մը ազատ է:» Այս խօսքերով արտայայտեցաւ ապա Ասիա Պիպիին բանտարկութեան ժամանակ անոր ընտանիքին մօտիկ կանգնող բարեսիրական հաստատութեան մը անդամ, Պր Ժոզէֆ Նատիմ, Վատիկան Ինսիայտեր լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։

Մարդու Իրաւուքնի պաշտպան հաստատութիւններն ու Քրիստոնեայ հասարակութիւնը, մեծ ուրախութեամբ ընկալեցին դատարանի որոշումը։ Ւսլամապատի կառավարութիւնը սակայն մտահոգ է որովհետեւ այս վճիռը կրնայ բացասական հետեանքեր ունենալ, տրուած ըլլալով որ «Թէհրիք է Լապպայք փաքիստան» Ւսլամ կուսակցութեան ղեկաւարը որոշումի դէմ կազմակերպած է ազգային ցոյց մը։ 300 Ոստիկաններ կը հսկեն բարձրագոյն ատեանի վրայ ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ կարեւոր աղօթավայրերու ու եկեղեցիներու վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2018, 08:39