Որոնել

Արա Կուլեր Արա Կուլեր 

Մահացած Է Պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլերը

Ան ծանօթ էր «Պոլսոյ աչքը» կեղծանունով:

90 տարեկանին Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլեր:

Արա Կիւլեր ծնած է 1928ին, Պոլիս: Դպրոցական տարիներուն աշխատած է Թուրքիոյ շարժապատկերի աշխատանոցներու մէջ եւ յաճախած է թատերական դասընթացքներու: 1950ին սկսած է աշխատելու «Նոր Ստամպուլ» թերթին, զուգահեռաբար ուսանելով Պոլսոյ համալսարանին մէջ, հետեւելով տնտեսագիտութեան ճիւղին: Յետագային տեղափոխուած է «Հիւրիեթ» թերթի խմբագրութիւն: 1958ին դարձած է ամերիկեան «Լայֆ Թայմ» թերթի թրքական մասնաճիւղի Միջին Արեւելքի առաջին թղթակիցը, ինչպէս նաեւ գործակցած է միջազգային քանի մը հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու հետ: 1961ին աշխատանքի անցած է «Հայաթ» թերթն մէջ՝ գլխաւորելով լուսանկարչական բաժինը: 1960ականներէն ի վեր, անոր լուսանկարները զարդարած են անուանի գրողներու գիրքերը եւ ցուցադրուած են աշխարհի զանազան ցուցահանդէսներու:

1970ականներուն հարցազրոյցներ կատարած է հեղինակաւոր դէմքերու հետ եւ առած անոնց լուսապատկերները. վերջիններուս շարքին էին՝ Ուինսթըն Չըրչըլ, Մարիա Քալաս, Պերնարտ Ռասըլ, Սալվատոր Տալին, Փապլօ Փիքասօ, Ինտիրա Կանտի եւ ուրիշներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2018, 08:00