Երեւանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողով Երեւանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողով 

Երեւանի մէջ աւարտեցան Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովի աշխա

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն, այդ պաշտօնին ընտրուած է Ռուանտայի արտաքին գործոց նախարար Լուիզ Միւշիքիուապոն:

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 12-ին, Երեւանի մէջ  աւարտած են Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի աշխատանքները: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ  վեհաժողովի փակման նիստին ընդունուած է Երեւանեան հռչակագիրը:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն, այդ պաշտօնին ընտրուած է Ռուանտայի արտաքին գործոց նախարար Լուիզ Միւշիքիուապոն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին Միքայէլ Ժանի կատարած գործունէութիւնը եւ շնորհաւորած Լուիզ Միւշիքիուապոն նոր պաշտօնին ընտրուելու առիթով: Հայաստանի վարչապետը անոր մաղթած է յաջողութիւն ստանձնած առաքելութեան մէջ եւ վստահութիւն յայտնած, որ ան իր գործունէութեամբ պիտի նպաստէ կազմակերպութեան հետագայ  զարգացման:

Նոր Ընդհանուր Քարտուղարը Կարեւորութիւն Պիտի Տայ Յատկապէս Ֆրանսերէնի Տարածման

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան նորընտիր ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Միւշիքիուապոն մեծ պատիւ նկատած է նոր պաշտօնի ստանձնումը: 12 հոկտեմբերին կազմակերպութեան  վեհաժողովի փակման ժամանակ իր ելոյթին ընթացքին ան նշած է, որ հաճոյքով կը ստանձնէ նոր պարտաւորութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2018, 08:28