Որոնել

Աղթամարի կղզին Աղթամարի կղզին 

Երեք տարուան ընդմիջումէ ետք Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։

Եկեղեցւոյ տարածքի փոքրութեան պատճառով այցելուները խումբ առ խումբ մտած են ներս:

Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ երեք տարուան ընդմիջումէ ետք 9 սեպտեմբերին մատուցուած է Ս. պատարագ:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի նախագահութեամբ Ս. պատարագը տեւած է շուրջ երկու ժամ:

«Անատոլու» լրատու գործակալութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, արարողութեան մասնակցած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյ,  թուրք պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ հիւրեր` Թուրքիայէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ:

Եկեղեցւոյ տարածքի փոքրութեան պատճառով այցելուները խումբ առ խումբ մտած են ներս: Պատարագէն ետք նախարար Էրսոյն ու Արամ արք. Աթեշեանը խօսքեր արտասանած են:

Սրբազան հայրը` անդրադառնալով Ս. պատարագին, ըսած է, թէ Աղթամար կղզին եւ Ս. Խաչ եկեղեցին պատմական տեսանկիւնէ շատ կարեւոր են: Նախարար Էրսոյ ըսած է, թէ նախորդ երեք տարիներուն Ս. պատարագ չէ մատուցուած ապահովական պատճառներով:

Ս. պատարագէն օրեր առաջ պատրիարքի փոխանորդը ըսած էր, թէ 2011-ին անոր մասնակցած էին 7000 անձեր: Այս տարի նոյն թիւի ակնկալութիւն չկայ, սակայն 2000-3000 հոգի հաւանաբար մասնակցին, ինչ որ քիչ թիւ չէ: «Որքան տեղեակ ենք, հիմա ալ Վան քաղաքին մէջ մեծ ոգեւորութիւն կը տիրէ, պանդոկները բոլոր ապահովուած են հիւրերու կողմէ», դիտել տուած է ան:

Նշենք, որ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցելու արտօնութիւն տրուած է միայն տարին մէկ անգամ` Խաչվերաց տօնին նախորդող կիրակին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2018, 08:45