Որոնել

Ռայի պատրիարքը Ռայի պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարքը կ՛ազդարարէ վերջ տալ խորհրդակցութիւններուն ու կազմել կառավարութիւնը

«Վերջ տուէք կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն եւ յայտարարեցէք նոր կառավարութիւնը»։

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Քանատա կատարած իր հովուապետական այցելութեան շրջագիծին մէջ հասաւ Օթաուա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ մարոնի համայնքի հոգեւոր առաջնորդին եւ շրջանի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին` յորդորելով զանոնք յայտարարելու նոր կառավարութեան կազմը: «Վե՛րջ տուէք կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն եւ յայտարարեցէ՛ք նոր կառավարութիւնը. ո՛վ որ ընդունի այդ կազմը, թող ընդունի զայն, իսկ ո՛վ որ մերժէ այդ կազմը, թող մերժէ զայն, որովհետեւ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի քանդում, որ պէտք է կասեցնել», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Քանատայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Զիատէ հաստատեց, որ արտերկրի լիբանանցիները, որոնք եւս Մայրիներու զաւակները կը նկատուին` միշտ նեցուկ պիտի կանգնին Լիբանանին:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2018, 08:00