5 սեպտեմբերը բարեգործութեան միջազգային օր։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր՝ 5 սեպտեմբերին կը յիշատակուի բարեգործութեան միջազգային օրը։ Օրը հաստատուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 2012-ի դեկտեմբերին, նպատակ ունենալով հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել աղքատութեան ու մարդասիրական խնդիրներու ու անոնց յաղթահարման վրայ, վերահաստատելով թէ «բարեգործութիւնը կարող է սատարել խթանելու տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու պատկան անձերու միջեւ երկխօսութիւնը ինչպէս նաեւ զօրակցութիւնն ու իրար հաստակողութիւնը»։
5 սեպտեմբերը ընտրուած է ոգեկոչելու համար նաեւ՝ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր՝ Կալկաթայի Մայր Թերեզայի մահուան տարեդարձը՝ (5 սեպտեմբեր 1997)։
Օրուան առթիւ ՄԱԿ-ը հրաւէր կ՛ուղղէ բոլոր անդամ երկիրներուն, միջազգային եւ ազգային կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան, օրը յիշատակելու պատշաճ արարքներով, եղբայրսիրութեան ու բարեգործական ժեստերով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ