Որոնել

Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Մեսրոպեան Վարժարանի 80-րդ Տարեշրջանը

26 Սեպտեմբեր 2018-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմն ու ծնողները տօնական մթնոլորտի մը մէջ նշեցին վարժարանի 80-րդ կրթական տարեշրջանին սկիզբը:

26 Սեպտեմբեր 2018-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմն ու ծնողները տօնական մթնոլորտի մը մէջ նշեցին վարժարանի 80-րդ կրթական տարեշրջանին սկիզբը:

Ծնողներուն եւ աշակերտներուն առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ նոր տարեշրջանը  Մեսրոպեանի համար յոբելենական է, քանզի անիկա կը զուգադիպի վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին, որուն նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան: Ան ըսաւ, որ 80-ամեայ Մեսրոպեանը մեծ աւանդ ունեցաւ լիբանանահայ սերունդներու կեանքին մէջ եւ մեծապէս նպաստեց ընկերութեան զարգացումին, որուն ի խնդիր, այս տարուընէ սկսեալ դպրոցին մէջ ի գործ պիտի դրուին շարք մը նոր ծրագիրներ: Պարոն Գալուստ անդրադարձաւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան, դիտել տալով, որ Մեսրոպեանը հաւատարիմ է հայ ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքները սերունդներուն փոխանցելու ուսումնական ուղեգիծին` տիպար մարդ, տիպար հայ եւ եւ տիպար քաղաքացի կազմաւորելու իր առաքելութեան:

Վերամուտին առիթով վարժարանի շրջափակին մէջ կայացած հաւաքին` աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն կողքին զգալի էր ծնողներու մեծաթիւ ներկայութիւնը: Մթնոլորտի ջերմութեան նպաստեց գեղարուեստական ամփոփ յայտագիրը, որ եզրափակուեցաւ ներկաներու ուրախ շուրջպարով: Այնուհետեւ աշակերտները բարձրացան դասարաններ, ուր անոնց կը սպասէին 80-ամեակի առիթով նուէրներ` տետրեր եւ գրենական պիտոյք:

Աշակերտներու թիւով լիբանանահայ մեծագոյն դպրոցը հանդիսացող Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը իր 80-րդ վերամուտը կը նշէ բազմաթիւ յաջողութիւններու եւ զարգացման նոր ծրագիրներու խորապատկերին վրայ: Անցեալ տարի վարժարանի ակադեմական եւ արուեստից ճիւղերու 119 աշակերտներ յաջողեցան պետական քննութիւններուն, յաջողութեան խառն համեմատութիւնը հասցնելով աւելի քան 96 առ հարիւրի: Նոր տարեշրջանին Մեսրոպեանի մէջ գործադրութեան  պիտի դրուի եռամեայ նոր ծրագիր մը, որուն նպատակն  է արմտապէս բարեփոխել դպրոցին կրթական դրութիւնը:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2018, 08:00