Որոնել

Մարոնի եպիսկոպոսներ Մարոնի եպիսկոպոսներ 

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի կոչը Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւններուն։

«Կոչ կ՛ուղղենք քաղաքական անձնաւորութիւններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ դիւրացնելու կառավարութեան կազմութիւնը»,

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ՝ 5 սեպտեմբերին, Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը զարմանք յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ միջազգային կողմերէն անոր համար ճշդուած ժամկէտներուն առընթեր կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ: Աւելի՛ն. սահմանադրական իւրաքանչիւր հոլովոյթի զուգահեռ կը բացայայտուին սահմանադրութեան վերաբերող հարցեր, որոնց բնականոն լուծումը պէտք է ապահովուի սահմանադրական կայունութեան ընթացքին եւ ոչ թէ քաղաքական մարտահրաւէրներու ժամանակաշրջանին:

«Կոչ կ՛ուղղենք քաղաքական անձնաւորութիւններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ դիւրացնելու կառավարութեան կազմութիւնը», հաստատեցին մարոնի եպիսկոպոսները:

Խորհուրդը նշեց նաեւ, որ կարելի չէ անտեսել երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը եւ լիբանանցիներուն մտավախութիւնները, երբ անոնք կը վկայեն, թէ մեծ ձեռնարկութիւններ ճակատագրական ցնցումներու կ՛ենթարկուին, եւ անոնց հետեւանքները լուրջ պիտի ըլլան` երկրին տնտեսութեան վրայ:

«Այս բոլորին ի տես կառավարութեան կազմութիւնը կը յապաղի` առանց մտածելու երկրին եւ ժողովուրդին շահերուն մասին», նշուեցաւ խորհուրդին հաղորդագրութեան մէջ:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անդրադարձաւ նաեւ բանակի ու ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան տօներուն եւ շնորհաւորեց զանոնք` հաստատելով, որ իրենք կառչած կը մնան ապահովական կառոյցին եւ անոր տարած հսկայական աշխատանքին:

Այս շրջագիծին մէջ խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած ոճիրներու թիւի բարձրացումին, ինչպէս նաեւ ոճիրներու մակարդակին` սպանութեան անարգ եւ ահռելի ոճին համար, որ նոյնիսկ պատերազմի տարիներուն Լիբանանի մէջ չէր վկայուած:

Խորհուրդը ակնարկեց նաեւ ինքնաշարժներու արկածներուն պատճառած զոհերուն եւ վիրաւորներուն` ընդգծելով, որ կարելի չէ արտօնել, որ իրավիճակը նոյն ձեւով շարունակուի, այլ` պէտք է կատարեալ խստութեամբ գործադրել երթեւեկի յատուկ օրէնքները:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը դիտել տուաւ, որ արդէն իսկ վերամուտի ամիս է, եւ թիւ 46 օրէնքով ուսուցիչներու աշխատավարձի բարձրացումին ի տես պետութիւնը ոչ մէկ օժանդակութիւն ցուցաբերեց դպրոցներուն: «Դարձեալ կը հաստատենք, որ կացութիւնը բաւական վտանգաւոր է` տասնեակ դպրոցներ կրնան փակուիլ եւ հարիւրաւոր ուսուցիչներ ու կրթական մշակներ անգործութեան մատնուիլ», ընդգծուեցաւ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հաղորդագրութեան մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2018, 07:59