Որոնել

Լիբանանի Կաթողիկէ Վարժարաններու կրթական տագնապը Լիբանանի Կաթողիկէ Վարժարաններու կրթական տագնապը 

Լիբանան. Կաթողիկէ Վարժարաններու 25-րդ խորհրդաժողովը վերածուեցաւ կրթական տագնապ յայտարարող ահազանգի

Պշարա Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց քաղաքական իշխանութեանց ցուցաբերուած վատ գործելաոճը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ բացումը կատարեց Կաթողիկէ վարժարաններու 25-րդ  խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին ան խստիւ դատապարտեց քաղաքական իշխանութեանց պատասխանատուներուն կողմէ երկիրը կառավարելու իմաստով ցուցաբերուած վատ գործելաոճը, որուն պատճառով երկրին մէջ կը տիրեն համատարած փտածութիւնը եւ անգործութիւնը:

Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ թիւ 46 օրէնքին` աւելցնելով, որ անիկա ծանր բեռ է եւ պիտի յանգի վտանգաւոր զոյգ տագնապներու` ընկերային եւ կրթական, այլ խօսքով` պատճառ պիտի դառնայ կարգ մը դպրոցներու փակումին:

Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար իր կարգին շեշտեց, որ դժբախտաբար երկրին քաղաքական պատասխանատուները զբաղած են ուժային նախարարութիւններու բաժանումով եւ կ՛անտեսեն կրթական տագնապը:

Ան շեշտեց, որ կաթողիկէ վարժարաններուն դէմ արշաւ մը կ՛արձանագրուի` աւելցնելով, որ կարգ մը կաթողիկէ դպրոցներ արդէն իսկ փակած են իրենց դռները:

Ազար կոչ ուղղեց կրթական մարզը չէզոքացնելու քաղաքական հաշիւներէն` աւելցնելով, որ իրենք ժխտական մթնոլորտը չեն քաջալերեր, եւ ոչ ոք կրնայ իրենց ազատութեան, օրէնքները յարգելու եւ բոլորին ուսում ջամբելու յանձնառութեան դասեր տալ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2018, 08:14