Որոնել

ՄԱԿ-ի մանուկներու հիմնարկի անդամները ՄԱԿ-ի մանուկներու հիմնարկի անդամները 

ՄԱԿ-ի մանուկներու հիմնարկի ահազանգը. աւելի քան 500000 գաղթական մանուկներ Պանկլատէշի մէջ:

Միանմարէն Պանկլատէշ գաղթած են աւելի քան 900,000 անձեր, մեծամասնութիւնը մանուկներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի մանուկներու հիմնարկի տուեալներուն համաձայն, Ոոհինճա ցեղախումբի պատկան աւելի քան 900,000 անձեր, գաղթած են Պանկլատէշի հարաւային շրջան։ Անոնց մեծամասնութիւնը՝ 700,000 անձեր գաղթականութեանն դիմած են օգոստոս 2017 էն ի վեր, Միանմարի մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններուն պատճառաւ:
ՄԱԿ-ի մանուկներու հիմնարկի գրասենեակը ահազանգ հնչեցուցած է՝ գաղթական մանուկներու նկատմամբ, յայտնելով, որ «Ռոհինճա» ցեղի «մանուկներու կորսուած սերունդ» երեւոյթէն խուսափելու համար, հարկաւոր է խթանել մանուկներու դաստիարակութիւնը՝ նիւթական նպաստ բերելով:
ՄԱԿ-ի գրասենեակը դիտել տալով, որ Պանկլատէշի հարաւային շրջան գաղթած աւելի քան 500000 մանուկները զուրկ են դպրոցական կրթութենէն, անհրաժեշտ նկատած է միջազգային միասնական ջանքերը, կանխարգիլելու համար, որ մանուկները զոհ դառնան յուսահատութեան եւ հոգեընկճման երեւոյթներուն:
Հիմնարկին տուեալներուն համաձայն, 2018, յուլիս ամիսէն, կրթական մարզէն ներս կը գործեն աւելի քան 1200 դաստիարակչական կեդրոններ, ուր արձանագրուած են 1400 մանուկներ, նկատել տալով որ սոյն կեդրոնները զուրկ են ուսումնական յստակ ծրագրէ ինչպէս նաեւ խմելիք ջուրէն , խնդրելով միջազգային ընտանիքէն, որ մշակուին ուսումնական նոր ծրագիրներ: բարձրորակ դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն ապահովելու համար մանուկներուն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2018, 08:00