Որոնել

Հալէպ Հալէպ 

Սկսած է Հալէպի վերականգնման պետական ծրագրի իրականացումը։

Սուրիոյ տարբեր շրջաններէ, նաեւ տարբեր երկիրներէ արդէն Հալէպ վերադարձած է աւելի քան մէկ միլիոն մարդ

Սուրիական իշխանութիւնները սկսած են իրականացնելու գրոհայիններէն ազատագրուած Հալէպի բնակավայրերու վերականգնման պետական ծրագիրները: Ռիա Նովոսթիի հաղորդմամբ, յայտարարած է նահանգապետի տեղակալ Համիտ Քինօ:

Ան տեղեկացուցած է, որ վերականգնման ծրագիրը երեք փուլով պիտի իրականացուի. «Առաջին` պատրաստել ենթակառուցուածքներ, քանի որ մարդիկ չեն կրնար ապրիլ առանց ջուրի եւ ելեկտրականութեան: Երկրորդ` հասցէական օգնութիւն․ պիտի պարզենք իւրաքանչիւր ընտանիքի կարիքները: Երրորդ` վերադարձնել բնակիչները իրենց տուները, անհրաժեշտ է բացատրել անոնց, որ այստեղ անվտանգ է»:

Սուրիոյ տարբեր շրջաններէ, նաեւ տարբեր երկիրներէ արդէն Հալէպ վերադարձած է աւելի քան մէկ միլիոն մարդ: Ահաբեկիչներու պատճառով Հալէպ ստիպուած աւելի քան 6 միլիոն խաղաղ բնակիչ լքած է: Գրոհայիններիէն այս նահանգի ամբողջական ազատագրման մասին յայտարարուած էր 2017-ի Օգոստոսին:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2018, 08:41