Որոնել

Մեքսիքոյի մէջ Տիրամօր նուիրուած տաճարը Մեքսիքոյի մէջ Տիրամօր նուիրուած տաճարը 

Յայտնաբերուած է Մեքսիքացի կրօնաւորի մը դիակը:

Կրօնաւորը, շրջագայութեան մէջ վերջին անգամ տեսնուած է անցեալ 18 օգոստոսին, Մեքսիքոյի Միչոկան նահանգի Ուրուաբան քաղաքին մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մեքսիքոյի Միչոկան քաղաքին մէջ ի յայտ եկած է Հայր Մէկէլ Ճերարտօ Հերնանտեզի անշնչացած դիակը՝ անցեալ շաբաթ օր:

Անյայտ վիճակի մէջ գտնուող, ապա մարմինը յայտնաբերուած Մեքսիքացի կրօնաւորը մաս կը կազմէր «Միսիոնարներուն Սուրբ ընտանիք» միաբանութեան:

Ան շրջագայութեան մէջ վերջին անգամ տեսնուած է անցեալ 18 օգոստոսին, Մեքսիքոյի Միչոկան նահանգի Ուրուաբան քաղաքին մէջ:

Մաթանակուարա քաղաքին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագէն ետք, Հայր Միկէլի մասին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւններ ունենալով, իրեն միաբանակից Հայր Լուիս խօսէ, ոստիկանութեան բողոք ներկայացուցած է վարդապետին անհետացումի մասին

Ապա Մորելի թեմի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը հաստատած է Հայր Ֆլորես մահուան լուրը, թեմին մօտիկութիւնը յայտնելով Միսիոնարներուն Սուրբ ընտանիք միաբանութեան ինչպէս նաեւ վախճանած քահանային հարազատներուն:

Հայր Ֆլորես մինչեւ իր մահը, փոխ ժողովրդապետի պաշտօնը վարած էր Սուրբ Քաթերին Ալեսսանտրիա ժողովրդապետութեան մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2018, 12:40