Որոնել

Անթիլիասի մայրավանքը Անթիլիասի մայրավանքը 

Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Հայ ազգի ն

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուեցաւ մեռելոցի Ս. եւ անմահ պատարագ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Երկուշաբթի, 13 օգոստոս 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուեցաւ մեռելոցի Ս. եւ անմահ պատարագ:

Արդարեւ, հայ եկեղեցւոյ հայրապետներուն կողմէ հաստատուած կանոններուն համաձայն, պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն` ամբողջ հայ ազգի ծանօթ թէ անծանօթ, յայտնի թէ անյայտ ննջեցեալներու, ինչպէս նաեւ հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան սիրոյն իրենց արիւնը թափած քաջարի նահատակ հայորդիներու հոգիներուն համար: Վեհափառ հայրապետը իր աղօթքին մէջ մաղթեց, որ բարձրեալն Աստուած պահպանէ Հայաստանը, հզօրացնէ Արցախը եւ արի կամք ու կորով տայ հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Պատարագէն անմիջապէս ետք, դարձեալ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, դպրեվանքի յարկին տակ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած հիւրասիրութիւն` մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու, կաթողիկոսարանի տիկնանց յանձնախումբին, մատաղի պատրաստութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած կամաւորներուն եւ մայրավանքի մայր տաճարին բանկալի մարմինին: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց ծառայութեան մեծութիւնը` շեշտելով, որ ծառայութիւնը ձեւին, քանակին, չափին կամ տեսակին մէջ չի կայանար, այլ անոր արժէքը կ՛իմաստաւորուի ու կ՛արժեւորուի ծառայական ոգիին մէջ: Աւարտին, ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք գիշեր-ցերեկ աշխատելով ու ծառայելով` կրցան Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի շաբաթը կազմակերպել եւ բոլոր աշխատանքները յաջողութեամբ պսակել:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2018, 20:00